2011-05-17 12:44:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Երեքշաբթի 17 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6ին ընդունեց Գերապայծառ ֆէրնանտօ ֆիլոնին` ժողովուրդներու աւետարանութեան նոր անուանուած կառավարիչը։

Նորին Սրբութիւնը Երկուշաբթի օրը (16 մայիսին) ունկնդրութիւն շնորհեց Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի՝ ՜՜Մադէր Էթ Մաճիսդրա՝՝ շրջաբերական թուղթի 50 ամեակի առթիւ կազմակերպած հանդիպումի 200 մասնակյողներուն. անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Պենետիկստոս ԺԶ. հաստատեց թէ ճշմարտութիւնը, սէրը եւ արդարութիւնը, որոնց մասին կը խօսի ՜՜Մաթէր Էթ Մաճիսդրա՝՝ շրջաբերական թուղթը, ինչպէս նաեւ աշխարհի հարստութիւններու արդար եւ հաւասար բաշխումի սկզբունքը, կը մնան անհրաժեշտ կէտեր գերազանցելու աշխարհը յուզող անհաւասարակշիռ համաշխարայնակացումի մարտահրաւէրները։

Այսօր, ընկերային հարցը միջազգային ընկերային արդարութեան հարցն է - յարեց նորին սրբութիւնը - եւ ձեռք բերելու համար այս արդարութիւնը հարկ է աշխատիլ իրագործելու աշխարհի հասարակաց բարիքը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ եկեղեցւոյ դերին մասին, ընկերային մարզէն ներս ու շեշտը դրաւ աշխարհականներու գլխաւոր դերակատարութեան վրայ որոնք պէտք է որ, ըսաւ ան, ՜՜պատրաստուած ըլլան հոգեւոր եւ բարոյական գետնի վրայ՝՝։
Հուսկ՝ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ամէնքը որ ընկերային նոր աւետարանացումի միջոցաւ վկայեն սիրոյ եւ եղբայրութեան աւետարանը տրամաբանութեամբ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն տալով իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.