2011-05-17 12:50:04

Յոյն Երիտասարդ Արուեստագէտ Լէոնիտաս Թումպանոսի Լուսանկարչական Ալպոմը Պոլսոյ Հայկական Եւ Յունական Համայնքներուն Մասին ։


Մէկուկէս ամիս տեւած ճամբորդութեան մը ընթացքին, Պոլսոյ հայկական եւ յունական թաղամասերուն մէջ շրջելէ ետք, յոյն երիտասարդ լուսանկարիչ Լէոնիտաս Թումպանոս, լուսանկարներու շարք մը պատրաստեց, որոնց ընդմէջէն կարտացոլայ համայնքներու կեանքը, քաղաքացիներու առօրեան, հայկական հաստատութիւնները։ Երիտասարդ լուսանկարիչը այցելութիւններ տուաւ հայկական երեք օրաթերթերուն մօտ՝ Մարմարա, Ժամանակ եւ Ակօս, զրուցեց լրագրողներուն հետ, լուսանկարեց թերթերու պատրաստութեան հանգրուանները։ Ան այցելեց նաեւ ազգային Ս Փրկիչ հիւանդանոցը, հայկական եկեղեցիները, ծերանոցը, վաճառախանութները, դպրոցները՝ կենդանի վաւերագրական-ալպոմ մը պատրաստելով իր նկարներուն ընդմէջէն։
Լէոնիտաս համեստութեամբ կը պատմէ թէ լուսանըկարչութեան գաղտնիքներուն մէջ թափանցած է պզտիկուց, ապա ուսման տարիներուն ընթացքին ինքզինք իրագործելու ուղին գտած է այս արուեստին ընդմէջէն։
Արուեստագիտական բարձր որակով եւ երիտասարդի զգայուն աչքով պատրաստուած իր շարքը թարմութեամբ կը մօտենայ մարդոց կեանքի պայմաններուն՝ անոնց ապրումներուն, յոյսերուն ու զգացումներուն արտայայտիչը հանդիսանալով։








All the contents on this site are copyrighted ©.