2011-05-17 12:45:43

Հնդկաստանի Եպիսկոպոսները Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մօտ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով Հնդկաստանի 40 եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ եկած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին, քաջալերեց զանոնք որ պատշաճեցնեն Աւետարանը հնդիկ մշակոյթին եւ ընկերութեան։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց քրիստոնեաներուն հրաւիրելով զանոնք որ իրենց եղբայրսիրութեամբ ու համբերութեամբ համոզեն իրենց հարեւանները։ Եւ ընդգծեց կարեւորութիւնը կրօնական հանդրժողութեան։
Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ Աւետարանի պատշաճեցումին վրայ հնդիկ ընկերութեան ու մշակոյթին, քաջատեղեակ ըլլալով որ Հնդկաստանը կը ներփակէ բազմաթիւ կրօններ եւ կը գործածէ բազմաթիւ բարբառներ, ուստի Աւետարանը հարկաւոր է որ քարոզուի տեղական բարբառով, յարգելով հանդերձ տեղւոյն աւանդութիւնները։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գնահատումով քրիստոնէական կեանքը հնդկական ընկերութեան մէջ կը պահանջէ պարկեշտութիւն եւ անկեղծութիւն, հանդէպ իւրաքանչիւրի հաւատքին, ինչպէս նաեւ ուրիշներու հաւատալիքներու հանդէպ յարգանք ցուցաբերում։








All the contents on this site are copyrighted ©.