2011-05-17 12:49:52

Ամնըսթի Ինթըրնեշընըլ»ի՝ 2011 Տարւոյն Զեկոյցը Կ՛անդրադառնայ Հայաստանի Մէջ Խախտումներուն


Իրաւապաշտպան «Ամնըսթի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը հրապարակած է 2011ի իր զեկոյցը: 400 էջ կազմող փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած է մարդու իրաւունքներու վիճակը 157 երկիրներու մէջ: Զեկոյցը կ՛ընդգրկէ 2010ի տուեալները:
«Ամնըսթի Ինթըրնեշընըլ»ի զեկոյցին մէջ ներկայացուած է մարդու իրաւունքներու խախտումներու հինգ բաժիններ «Մահուան դէպք ոստիկանութեան բաժանմունքում», «Անպատժելիութիւն», «Խօսքի ազատութիւն», «Բռնութիւն՝ կանանց եւ աղջիկների նկատմամբ» եւ «Խղճի բանտարկեալներ»:
Հայաստանին վերաբերող բաժինին մէջ «Մահուան դէպք ոստիկանութեան բաժանմունքում» գծով կը նշուի, թէ Սեպտեմբերին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, բանտերու մէջ կամայականութիւններու դէմ պայքարի հարցով ՄԱԿի աշխատանքային խումբը մտահոգութիւն յայտնած է ձերբակալեալներու եւ բանտարկեալներու նկատմամբ բռնութիւններ գործադրելու փաստերուն կապակցութեամբ:
«Անպատժելիութիւն» բաժինին մէջ, զեկոյցը կը փաստէ, թէ 2010ի տարեվերջին դրութեամբ, անկախ քննութիւն չէ իրականացուած 2008ի յետընտրական հասարակական բողոքներու մասնակիցներուն նկատմամբ անտեղի ուժ կիրառելու հարցին շուրջ:
Իսկ «Խղճի բանտարկեալներ» բաժինին մէջ կը նշուի, թէ Հայաստանի մէջ բանտարկուած է զինուորական ծառայութենէ հրաժարած 73 տղամարդ:
«Ամնըսթի Ինթըրնեշընըլ»ը կը հաստատէ նաեւ, որ առնուազն 89 երկիրի մէջ կը սահմանափակուի ազատ խօսքը, 48 երկիրի մէջ կան «խղճի բանտարկեալներ», 98 երկիրի բանտերուն եւ ոստիկանութեան բաժանմունքներուն մէջ կը գործադրուին բռնութիւններ եւ 54 երկիրներու մէջ տեղի ունեցած են անարդար դատավարութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.