2011-05-16 13:10:15

Պաղեստինեան Աղէտի 63-Ամեակի Նշումը։


Պաղեստինեան աղէտին 63-ամեակին առիթով` հարաւային Լիբանանի Մարուն Ռաս սահմանամերձ գիւղաքաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ բողոքի մեծ ցոյց մը, որ սակայն վերջ գտաւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ պաղեստինցի ցուցարարներու սպանութեամբ:
Մարուն Ռասի մէջ բողոքի ցոյցին մասնակցող երիտասարդներ, որոնք Պաղեստինէն քանի մը մեթր հեռու կանգնելով կը քարկոծէին Իսրայէլի սահմանապահ զօրքերը, ուղղակի թիրախ դարձան վերջիններուս արձակած կրակոցին, որուն պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցին 10 հոգի եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 100 ուրիշներ, որոնց շարքին կը գտնուին ծանր վիրաւորներ:
Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ դրած է սահմանամերձ շրջաններուն վրայ ապահովութիւնը պահպանելու առումով, եւ այդ ծիրին մէջ ան գործակցած է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ` արգիլելու համար Իսրայէլին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները:
Նշենք, որ լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանամերձ շրջանին վրայ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը խիստ հսկողութիւն բանեցուցին եւ շրջուն ջոկատներու դրութիւնը որդեգրեցին,պահպանելու համար ցուցարարներուն անվտանգութիւնը:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը` անդրադառնալով Մարուն Ռասի եւ Կոլանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն, յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ Դամասկոսը պատասխանատու կը նկատէ այդ շարժումներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.