2011-05-16 13:01:44

Միջազգային Համաժողով ՝՝Մադէր Էթ Մաճիսդրա՝՝ Մայր եւ Դաստիարակ Շրջաբերականին 50 Ամեակի առթիւ։


Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն կոչուած Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ՝ 16 - 18 մայիս, Հռոմի մէջ կը նշուի Mater et Magistra շրջաբերական թուղթի 50 ամեակը։ Mater et Magistra շրջաբերական թուղթը հրատարակուած էր 15 մայիս 1961ին Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ կողմէ, Լեւոն ԺԳ-ի <<Րէրում Նովարումի>> 70 ամեակի առիթով։ Քահանայապետական այս երկու Շրջաբերականները կ՛անդրադառնան Ընկերային Հարցերուն յատկապէս այս մարզէն ներս՝ Եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերին։
Յովհաննէս ԻԳ իր շրջաբերական թուղթով ուզեց այժմէականացնել ընկերային հարցը այն օրերուն, խօսելով նոր երեւոյթներոու մասին ։ Հողագործութենէն դէպի ճարտարարուեստականացում անցքը` ինչպէս նաեւ կապերը եւ բաղդատութիւնը տնտեսական գետնի վրայ, զարգացած երկիրներու ու թերաճ երկիրներու միջեւ , եւ այս դիտաւորութեամբ հաւասարակշռութիւն գտնելու կարեւորութիւնը։

Միջագային այս Համաժողովի կէտնպատակն է , հիմունելով ՝՝Մաթէր էթ Մաճիսդրայ-՝՝ի վրայ քննարկել այսօրուայ աշխարհի մէջ տիրող ընկերային տագնապի զանազան երեւոյթները եւ ջանալ պատասխաններ ու լուծումներ առաջարկել, նա մանաւանդ խորացնելով եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան տուած ուղեգիծը։
Համաժողովին ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն անուան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ կարտինալ Թուրքսոն` որ նաեւ բացումը կը կատարէ այս կարեւոր հանդիպումին։
Աշխատանքային առաջին օրուայ նիւթն է <<Ընկերային նոր աւետարանացումը ։ Եկեղեցւոյ ընկերային Վարդապետութեան դերը>>։Իսկ Երեքշաբթի 17 մայիսի նիստին նիւթն է <<մարդ էակը եւ իր միջավայրը։ Արդարութիւն եւ Քաղաքականութիւն>>։

Զանազան միջամտութիւններէն լուսաբանուելով Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն կոչուած Քահանայապետական Խորհուրդի քարտուղար Գերապայծառ Թոզոն պիտի ուսումնասիրէ աշխատանքային թղթածրար մը, որուն մէջ պիտի նշուին նախագիծերը ու անոնց իրականացման ուղեգիծը։ Համաժողովի վերջին նիստի ընթացքին պիտի շօշափուի Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութիւնը եւ այդ մարզէն ներս անձնական փորձառութիւնը զանազան միջավայրերու մէջ







All the contents on this site are copyrighted ©.