2011-05-16 13:06:53

Այնթապի Մշակութային Միութիւնը Ձեռնարկած Է Եկեղեցի-Թանգարանի Մը Շինութեան


Այնթապի մշակութային միութիւնը հերոսամարտի 91րդ տարեդարձը յիշատակեց տարեկան իր հանդիսութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ռէյմընտ եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ, Կիրակի, Ապրիլ 3ի յետմիջօրէին։ Խուռներամ հայրենակիցներ ու ազգայիններ համախմբուած էին սրահին մէջ, որուն բոլոր աթոռները գրաւուած էին. բազմաթիւ հանդիսականներ յոտնկայս հետեւեցան յայտագիրին։
Բացման խօսքը արտասանեց միութեան վաստակաշատ ատենապետ Աւետիս Տէմիրճեան, որ հանդիսականները ողջունելու կողքին, աւետիս մը տուաւ։ Ան յայտարարեց, թէ միութիւնը նախաձեռնած է Հայաստանի Նոր Այնթապ աւանին մէջ կառուցել նոր եկեղեցի մը՝ իբրեւ ոգեկոչում գրաւեալ Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, որ բազմահանգրուան սրբապղծումներու ենթարկուելէ ետք, այժմ վերածուած է մզկիթի։ Գլխաւոր բանախօսն էր վեր. Պարգեւ Տարագճեան, որ հրաւիրուած էր խօսելու Այնթապի ինքնապաշտպանութեան մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն ունեցող երեք անձնաւորութիւններու՝ Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի, Աւետիս Գալեմքէրեանի եւ Ատուր Լեւոնեանի մասին։ Ան սեղմ բայց բովանդակալից գիծերով ներկայացուց երեք ականաւոր հայորդիները։
Հանդիսութեան փակման խօսքը արտասանեց Երուանդ Պապայեանի։ Ան ոգեկոչեց յիշատակը Այնթապի հերոսամարտի կերտիչներուն ու նահատակներուն, գնահատանք արձանագրեց յայտագիրի մասնակիցներուն ու հանդիսավարին եւ յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարուան Ապրիլին, դարձեալ ժամադրուած ենք հերոսամարտի 92րդ տարեդարձը նշելու։Ձեռնարկը փակուեցաւ Այնթապի հերոսամարտի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.