2011-05-15 09:37:52

Նոր Երանելի Մը։ Աստուծոյ Ծառայ Գերմանացի Կէօրկ Հէօֆնէր՝Ժողովրդապետ եւ Մարտիրոս։


Այսօր 15 Մայիս Գերմանիոյ Վիւրզպուրկ քաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ կայացաւ ժողովրդապետ եւ մարտիրոս գերմանացի Աստուծոյ Ծառայ Կէօրկ Հէօֆների երանացման արարողութիւնը,գլխաւորութեամբը թեմի Եպիսկոպոս Գերապայծառ ֆրիտհէլմ Հոֆմանի,եւ ներկայութեամբը Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի Կառավարիչը Սուրբերու դատի Ժողովին,եւ Պատգամաւորը՝ Պենետիկտոս ԺԶ.ին այս արարողութեան։

Կէօրկ Հէօֆնէր կը ծնի 1900ին Վիւրզպուրկ ,1918ին ընդհատելով ուսումը կը զինուորագրուի։ 1919ին կը սկսի ուսանիլ աստուածաբանութիւն, եւ մուտք կը գործէ աշխարհիկ Կարմեղեաններու Կարգը առնելով Լուիճի անունը։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 1924ին։ Որպէս Մատրանապետ իր ծառայութիւներէն ետք, 1934ին կ՝անուանուի Օպէր-Շըվարցախի Ժողովրդապետ ,ապրելով խոկումի աղօթքի,ապաշխարանքի նուիրուած կեանք մը։ Եկեղեցւոյ նկատմամբ Իր ցոյց տուած վճռակամ եւ քաջ պաշտպանութեանը համար կ՝ամբաստանուի ու կը ձերբակալուի նացիական վարչակազմի կողմէ ։ Ազատ արձակուելէն ետք իրեն կ՝արգիլուի դասաւանդելը,ու նաեւ եկեղեցականի մը պարտականութիւնները,խոստովանանք,սուրբ հաղորդութիւն,եւ դրոշմի մատակարարում ։
1941-ին դարձեալ կը ձերբակալուի քահանայի իր պաշտօնը օգտագործելու յանձանքով,եւ հակառակ տեղւոյն Ընդհանուր Տեղապահի միջամտութեան,Հայր Հէոֆնէր կը տարուի Տախաուի տխրահռչակ կեդրոնացման ճամբարը,ուր կ՝ենթարկուի բազմաթիւ տանջանքներու,որոնք կը դիմագրաւէ՝ մեծ հաւատքով տոգորուած։ Ենթարկուած տանջաքներու հետեւանք կը վախճանի 20 Օգոստոս 1942-ին ,իր մահէն վեց ամիս առաջ գրած էր սա նախադասութիւնը ՝՝ Աղօթքի ու Աստուծոյ նուիրուելով կը գտնենք մխիթարութիւն,ուժ եւ այն ամէն ինչ՝ որու պահանջքն ունինք՝՝։

Հայր Կէօրկ Հէօֆնէրի երանացման դատը սկիզբ առաւ 1986ին Տախաուի կեդրոնացման ճամբարի նախկին բանտարկեալ խումբ մը քահանաներու նախաձեռնութեամբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.