2011-05-15 09:40:02

15 Մայիս Ընտանիքներու Միջազգային Օր։


Ընտանիքներու միջազգային օրը, որ ամէն տարի կը տօնախմբուի 15 մայիսին, կը ցոլացնէ միջազգային հասարակութեան յարումը Ընտանիքին ու բերած շահագրգռութիւնը ընտանիքներու կացութեան աշխարհի մէջ։ Այս օրը հրաւէր մըն է բոլոր այն երկիրներուն որոնք կ'աշխատին պատասխան մը բերելու ընտանեկան խնդիրներուն։
Նշենք թէ Ընտանիքի միջազգային օրը հռչակուած է ՄԱԿի ընդհանուր ժողովէն 20 սեպտեմբեր 1993ին։ Այդ օրով Միջազգային հասարակութիւնը կը խթանէ կառավարութիւնները որ յատուկ ուշադրութիւն տանին ընտանիքի քաղաքական զարգացումին։ Այս օրը բարեպատեհ առիթ մըն է լաւագոյնս ճանչնալու ընտանիքներու խնդիրները եւ որդեգրելու պատշաճ ու իւրայատուկ նախաձեռնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.