2011-05-13 12:55:14

Հրեաները Եւ Կաթողիկէները Միասին Մարդու Իրաւունքներու Յարգանքին Համար։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով ՜՜ԲնայԲըրթ՝՝ անուան հրէական կազմակերպութեան անդամները, յայտնեց թէ հրեաները եւ կաթողիկէները կը բաղձան միասին պայքարիլ ի խնդրիր մարդու իրաւունքներու յարգանքին, աշխարհի մը մէջ որ մշտատեւ յեղաշրջումի մէջ է։
Սրբազան Հայրը ըսաւ որ հրեաները եւ կաթողիկէները հոգեւոր պարտականութիւն մը ունին պայքար մղելու՝ աղքատութեան, անարդարութեան, խտրականութեան եւ մարդու իրաւունքներու տիեզերական ճանաչումին ի խնդիր։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ հրեաները եւ կաթողիկէները պարտականութիւնն ունին համագործակցելու աշխարհի բարւուքումին համար։
Մենք նաեւ կանչուած ենք վկայութիւն տալու աշխարհին թէ՝ ամէնքս ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ։
Նշենք թէ ՜՜ԲնայԲըրթ՝՝ը՝ հրէական ամենահին կազմակերպութիւնն է աշխարհի վրայ. անիկա հիմնուած է 1843-ին ԱՄՆի մէջ, ունի աւելի քան կէս միլիոն անդամ, տարածուած՝ աշխարհի 57 պետութիւններու մէջ։ Անոր աթոռը կը գտնուի Ուաշինկթըն, եւ ներկայ է միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ ՄԱԿի Ունէսքոյի ու Եւրոպական Միութեան մօտ։
՜՜ԲնայԲըրթ՝՝ եբրայեցիներու բարբառով կը նշանակէ ՜՜Ուխտի Որդիներ՝՝. 1843-ին Եւրոպայէն գաղթող 12 հրեաներ Նիւ Եորքի մէջ հիմնեցին այս կազմակերպութիւնը. անոնց առաջին յայտարարութիւնը եղաւ. ՜՜Ճանչնալ հրեայ ժողովուրդին միաւորութիւնը. եւ գլխաւոր նպատակակէտն է՝ համախմբել հրեաները եղբայրակցութեան ու ներդաշնակութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.