2011-05-12 12:24:54

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Նորոգում։


Հայաստանի Նիուզ գործակալութեան թղթակիցը, որ այս օրերուն Թուրքիա կը գտնուի, լրագրողներու աշխատաժողովի մը համար, այցելած է Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր), ուր այլ լրագրողներու հետ միասին հանդիպում մը ունեցած է քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի հետ՝ խօսելով քաղաքի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան եւ զայն պաշտամունքի համար վերաբանալու հանդիսութեան ընթացքին՝ հայ ուխտաւորներու համար պատրաստուելիք անակնկալներուն մասին։
Օսման Պայտեմիր հայ եւ թուրք լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին շեշտած է, որ իր երազն է քաղաքին մէջ լսել թէ՛ ազանը եւ թէ եկեղեցւոյ զանգակներուն ղօղանջը։
Պատասխանելով թէ ե՞րբ պիտի ամբողջանայ եկեղեցւոյ նորոգութիւնը եւ ե՞րբ պիտի կայանայ բացումը՝ քաղաքապետը ըսած է, որ այս պահուն կարելի չէ յստակ որեւէ յայտարարութիւն ընել։ Անոր խօսքերով, այս շաբաթ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն ներկայացուցիչներ Տիգրանակերտ պիտի երթան եւ քաղաքապետին հետ պիտի քննեն եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման թուականն ու բացման առնչուող միջոցառումները. Ես կը խոստանամ, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վրայ խաչ զետեղուի եւ Աղթամարի նման առանց խաչի չվերաբացուի, նշած է քաղաքապետը։
Օսման Պայտեմիր ըսած է նաեւ, որ անակնկալներ կը պատրաստուին, սակայն չ՛ուզեր այժմէն հրապարակել զանոնք։ Քաղաքապետը շեշտած է, թէ կը փափաքի, որ բացման ներկայ գտնուին Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ։
Յիշեցնենք, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցին կառուցուած է 16րդ դարուն, քաղաքի Հանչեփեք թաղին վրայ, զոր տեղւոյն իսլամները կ՛անուանէին կեաւուրներու թաղ, քանի որ մեծ թիւով քրիստոնեաներ կ՛ապրէին հոն, նախքան 1915ի Ցեղասպանութիւնը։
Ս. Կիրակոս եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին է, որուն զանգակատունը 1913ին աւերուած էր կայծակի հարուածով։ Հետագային, տեղւոյն հայերը նոր զանգակատուն մը կառուցած էին եւ զանգը ձուլուած էր ոսկիի ու պղինձի խառնուրդէն։ Սակայն 1915ին, զանգակատունը կրկին գնդակոծուեցաւ։ Եկեղեցին 1980էն ի վեր յանձնուած էր բախտի քմահաճոյքին։ Երկու տարի առաջ սկսան վերանորոգման աշխատանքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.