2011-05-12 12:23:29

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը ՜՜Յիսուսի Ս. Սիրտը'' Կոչուած Կաթողիկէ Համալսարանի 90-րդ Տարեդարձին Առթիւ։


Յիսուսի Ս. Սիրտը կոչուած կաթողիկէ համալսարանի 90-րդ տարեդարձին առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց Միլանոյի առաջնորդ՝ կարտինալ Թեթթամանցիին` նախագահը վերոյիշեալ կաթողիկէ համալսարանին։
Իր պատագմին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ կաթողիկէ համալսարանի կրթական սպասարկութիւնը կը կատարուի գիտական լուրջ աշխատանքով, ուսումի կարգաւոր կազմաւորումով ու փռնտռտուքի լուրջ տենչով։
Իր այս պատգամով Նորին Սրբութիւնը Իտալիոյ կաթողիկէ համալսարանին մէջ կը ճանչնայ անոր բերած սատարը ընկերութեան։
Սրբազան Հայրը կաթողիկէ համալսարանի հասարակութեան ուղղած իր խօսքին մէջ կը մատնանշէ օրինակը երկու երանելիներու` կարտինալ Նիւմանի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի։
Նշենք թէ յառաջիկայ 21 մայիսին, Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Իտալիոյ կաթողիկէ համալսարանի հասարակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.