2011-05-12 12:24:41

Պան Քի Մուն-ի Կոչը՝ Սուրիոյ Նախագահին։ ՝՝Դադրեցնել Ձերբակալութիւնները եւ ընդառաջել Բարեփոխումներու Կոչերուն՝՝։


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց ՝՝ձերբակալութիւնները դադրեցնելու եւ բարեփոխումներու կոչերուն ընդառաջելու՝՝: Ան նաեւ Սուրիոյ կոչ ուղղեց միջազգային քննիչներու Յանձնախումբի մը արտօնել Տարաա քաղաքը մուտք գործելու:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Ժընեւի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ ինք յուսախաբ է, որ միջազգային քննիչներուն տակաւին պէտք եղած արտօնութիւնը չէ տրուած: Ան աւելցուց, որ Ասատ իրեն վստահեցուցած է, որ խմբակին պիտի արտօնուի քաղաք մուտք գործելը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ վարչապետ Ատել Սաֆար հրապարակեց խորհրդարանական ընտրութիւններու նոր օրինագիծի մը պատրաստութեան յանձնախումբի մը կազմութեան որոշում մը, ըստ որուն, յանձնախումբը իր աշխատանքին արդիւնքը վարչապետին պիտի ներկայացնէ ամէնէն ուշը երկու շաբաթէն:
Այս յանձնախումբի նախագահը, Սուրիոյ արդարադատութեան նախարարի օգնական Նաժըմ Ահմետ «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ յանձնախումբը արդէն սկսած է իր աշխատանքին, զոր պիտի աւարտէ ճշդուած ժամանակին: Ան նշեց, որ Յանձնախումբը արաբական եւ օտար երկիրներու ընտրական օրէնքները կ՝ուսումնասիրէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.