2011-05-12 12:25:06

Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան՝ ( ՀԵԸ-ի) 80-ամեակի Նշում, Լիբանան:


Կիրակի, 8 մայիսի երեկոյեան, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 80-ամեակը (1931-2011)` ՀԲԸՄ-ի մարզադաշտին վրայ: Այս առթիւ ՀԲԸՄ-ի փոխ նախագահ, ՀԵԸ-ի ատենապետ` Կարօ Ճըղըլեան խօսք առնելով վեր առաւ ՀԲԸՄ-ի ու յատկապէս` ՀԵԸ-ի 80-ամեայ հիմնական իրագործումները: Ան բարձր գնահատեց կատարուած ու կատարուող ճիգերը` ընդգծելով, որ անոնք ի սպաս են հայրենիքի ու հայութեան յառաջդիմութեան: Ճըղըլեան այս առիթով կոչ ուղղեց գործակցութեան` միասնաբար պայքարելու համար հայութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց միշտ վառ պահելու ջահը, զօրակցելու Հայաստանին ու Լիբանանին: Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր անջատ ելոյթներ ունեցան սկաուտական միաւորները, պարախումբը եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու աշակերտները:
Վերջին բաժինով ներկայացուեցաւ ՀԲԸՄ-ի պատմութիւնը ներկայացնող սահիկներու արխիւային ցուցադրութիւն` պատրաստութեամբ բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի:









All the contents on this site are copyrighted ©.