2011-05-12 12:25:12

Աֆղանիստանի մէջ հայկական զօրախումբի թիւը՝ 130ի կը հասնի .


Հայաստանի Ազգային Ժողովը իր լիագումար նիստին ընթացքին, երէկ քննարկեց Աֆղանիստանի մէջ կայացած հայկական զօրախումբի ժամկէտի երկարաձգման եւ թիւի յաւելման հարցը:

Խորհրդարանի վաւերացման ներկայացուեցաւ համաձայնագրով նախատեսուած զօրախումբի թուաքանակը բարձրացնել 130-ի (ներկայի 45ին փոխարէն), իսկ տեղակայման ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2012 թուականի վերջաւորութիւնը:

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ստանձնած է հայկական զօրախումբի հետ կապուած բոլոր ծախսերը, ի բացառեալ զինուորներու ամսական լրացուցիչ վարձատրութեան գումարը:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը ԱԺ-էն ներս խօսելով, ըսած է թէ գերմանական կողմը բարձր կը գնահատէ հայկական զօրախումբի պատրաստուածութեան աստիճանը: Նշենք որ Վրաստան իր կարգին կը տրամադրէ 924 իսկ Ատրպէյճանը՝ 94 զինուորներ: «Միջազգային անվտանգութան ապաահովման գործում մեր պետութեան նեդրումը զգալիօրէն կը գերազանցի ատրպյէճանականը» դիտել տուած է պաշտպանութեան նախարարը:









All the contents on this site are copyrighted ©.