2011-05-11 13:20:15

ՕԹԱՆ-ի Ռմբաձիգները Կը Հարուածեն Թրիփոլին։


ՕԹԱՆ-ի ռմբաձիգները երէկ արշալոյսին Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ հարուածեցին շարք մը թիրախներ: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թրիփոլիի մէջ չորս պայթումներու ձայներ լսուեցան, ապա հիւանդատար մեքենաներու ճչակներու ձայները։ Լիպիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ Լիպիոյ մայրաքաղաքը «այժմ գաղութատիրական-խաչակրական ռմբակոծումի կ՛ենթարկուի»:

Նախապէս երկու հրթիռներ հարուածեցին Թրիփոլիի կեդրոնին մէջ գտնուող պետական «Կանաչ գիրքի ուսումնասիրութեան» կեդրոնը: «Կանաչ գիրքի ուսումնասիրութեան» կեդրոնը ընդգրկող այդ համալիրը 29 ապրիլին նոյնպէս ռմբակոծման ենթարկուելով ծանր վնասներ կրած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.