2011-05-11 13:19:25

Փախստականներու եւ գաղթականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Վէլիօ Աւստրալիան կ՛այցելէ։


Գերապայծառ Անթոնիօ Մարիա Վէլիօ` նախագահը փախստականներու եւ գաղթականներու Քահանայապետական խորհուրդին, ընկերակցութեամբ՝ նոյն խորհուրդին ենթաքարտուղար հայր Կապրիէլէ Պէնթիվոլիոյի՝ մեկնած է Աւստրալիա ուր պիտի մնայ մինչեւ 14 մայիս։Այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Աւստրալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարելիք կանոնական հնգամեայ այցելութենէն մի քանի ամիս առաջ։
Գերապայծառ Վէլիօ Աւստրալիա իր կեցութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներու սիւնոդոսական նիստին , ինչպէս նաեւ նախատեսուած են հանդիպումներ զանազան հոգեւորականներու հետ։
Իր ելոյթին մէջ Գերապայծառ Վելիօ խօսեցաւ գաղթի ու ներգաղթի մասին, յայտնելով որ գաղթականութեան ոեւէ մէկ ձեւ իրականութեան մէջ տառապանքի պատճառ մըն է, որովհետեւ անհատը արմատախիլ կ՛ընէ իր պապենական հողէն։Եւ ասիկա կը պատահի որովհետեւ ուրիշ երկրի բնակիչները ունին տարբեր մտածելակերպ, տարբեր ապրելակերպ, տարբեր լեզու եւ տարբեր սովորութիւններ։
1963-ին գրեթէ կէս դար առաջ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ իր - Բաչէմ Ին Դէրրա- շրջաբերականի մէջ գրած էր։ Իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի ապրելու իր ծծնդավայրին մէջ։ Նոյնիսկ 2004-ին ՅՊԲ. քահանայապետը հաստատած էր թէ իւրաքանչիւր մարդկային էակ իրաւուքն ունի ապրելու խաղաղութեամբ եւ արժանապատութեամբ այն հողին վրայ ուր ծնած է։
Սակայն կառավարութիւնները շատ անգամ չեն համապատասխաներ այս թելադրանքին եւ երկրի մը անկայունութեան եւ ապահովութեան պակասը մարդիկը կը մղէ խաղաղութիւնը փնտրելու այլուր։ Այսօրուայ իրողութեան մէջ՝ տեղեկատուական աշխարհի մը մէջ, հարկ է նաեւ որ գաղթականը կանխաւ տեղեկութիւններ ունենայ իր ապագայի ապրելավայրի մասին եւ անոր ընծայած կարելիութիւններուն։ Եւ ասոր համար հարկ է կամուրջներ հաստատել գաղթականներու ծննդավայրերուն հետ, իսկ Կաթողիկէներու համար. Կաթողիկէ եկեղեցական կառոյցներուն հետ։ Մարդու իրաւունքի օրինագիծը եւս կը հաստատէ թէ << գաղթել ու ներգայթելը իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքն է>>։
Ապա գերապայծառ Վէլիօն անդրադարձաւ զօրակցութեան, ու եկեղեցւոյ դերին այս ասպարէզէն ներս։ Ան անդրադարձաւ նաեւ փախստականներու հարցին ինչպէս նաեւ գաղթականութեան պատճառաւ բազմամշակութային, բազմակրօնական եւ աւանդութիւններու զանազանութեան ստեղծումին, տալով ամէն անհատի իրաւունքը իր մշակոյթը, կրօնքն ու աւանդութիւնը յարգելու եւ պահպանելու ։
Փախստականներու եւ գաղթականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը ապա հաստատեց թէ գաղթականութեան երեւոյթը կը մղէ Աւաստրալիոյ եկեղեցին նոր փորձառութիւն մը ապրելու։ Շատ մարդիկ ոչինչ գիտեն Քրիստոսի մասին իսկ ուրիշներ շատ քիչ տեղեկութիւններ ունին անոր մասին եւ ասոնք կ՛ապրին ձեր երկրին մէջ։ Ասիկա նոր կարելիութիւն մըն է որ կ՛ընծայուի սփռելու Աստուծոյ խօսքը։
Ապա իր խօսքը եզրափակելով գերապայծառ Վէլիօ ըսաւ. ՜՜ Եթէ ձեր երկրի մէջ ապրող գաղթական ձեր եղբայրներն ու քոյրերը լաւ հիւրնկալուին եւ Աստուծոյ բարի աւետիսը իւրացնեն, իրենք եւս իրենց կարգին կը դառնան Աստուծոյ խօսքը աւետողներ եւ վկաներ Յարուցեալ Քրիստոսի՝ որը աշխարհի յոյսն է։
Նշենք թէ գերապայծառ Վէլիոյի այս այցելութեան նպատակակէտն է <<քաջալերել Կաթողիկէ Եկեղեցին գաղթականներու եւ փախստականներու ի նպաստ իր առաքելութեան մէջ>>։ Աւստրալիոյ բնակչութիւնը կը հաշուէ 21 միլիոն` որուն 5 միլիոնը գաղթական են, իսկ 22.500ը փախստական։








All the contents on this site are copyrighted ©.