2011-05-11 13:20:22

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Կը Մասնակցի Պոլսոյ Մէջ Կիներու Համաշխարհային 21-րդ Ժողովին


«Կանանց համաշխարհային 21րդ գագաթնաժողով»ը իր աշխատանքները աւարտեց Պոլսոյ մէջ, անոր մասնանակցութիւն բերին շուրջ 1000 ներկայացուցիչներ՝ 82 երկիրներէ, որոնց շարքին՝ առաջին տիկիններ, 35 կին նախարարուհիներ, գործարար կիներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ: Գագաթնաժողովի ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ «առաջին տիկնանց խորհրդաժողովին», ինչպէս նաեւ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կայացած կարգ մը նիստերու, մասնաւորապէս՝ երիտասարդ աղջիկներու քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման նուիրուած նիստին:
Այնուհետեւ նախարարը մասնակցեցաւ նիստերուն յաջորդած «Global Womenÿs Leadership» մրցանակաբաշխութեան: «Կանանց համաշխարհային գագաթնաժողով»ի աշխատանքներու աւարտին տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւն, ուր ներկայ եղաւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը՝ Պան Գի Մուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Պոլսոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Շիշլի եւ Պալըքլը հայկական գերեզմանատուները, ուր ամփոփուած են հայազգի անուանի մտաւորականներու աճիւնները: Նախարարուհին ծաղիկներ զետեղեց Հրանդ Տինքի շիրիմին եւ 1895-1908ի ջարդերու զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ:
Այնուհետեւ նախարարը այցելեց Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցիները ու հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցիներու հոգաբարձուներու խորհուրդներու անդամներուն հետ: Նախարարը այցելեց նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը, Մխիթարեան եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանները, մասնակցելով «Մայրութեան Օր»ուան նուիրուած ձեռնարկներուն: Աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին ան ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.