2011-05-11 13:19:54

Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումը Կ’այցելէ Լիբանանի Նախագահին


Լիբանանի նախագահը զօրավար Միշել Սլէյման Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ , Երկուշաբթի, 9 մայիսին, ընդունեց Արեւելքի քրիստոնեայ համախմբումի գործադիր խորհուրդը, գլխաւորութեամբ՝ Սամիր եպ. Մազլումի եւ մասնակցութեամբ՝ հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ՝ տիար Անթուան Գալայճեանի, որ խորհուրդի հիմնադիրներէն է եւ ներկայիս գանձապահն է:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ծայրայեղութիւններուն դէմ դնելու յարմարագոյն միջոցը երկխօսութիւնն է ու համախոհութեան գոյացման անկեղծ կոչերը:
Նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց անմեղ քաղաքացիներուն դէմ գործուած սպանութիւններուն համար` ընդգծելով, որ պաշտամունքի վայրերը հաշտութեան վայրեր են եւ պէտք չէ բռնարարքներու ենթարկուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.