2011-05-10 12:39:35

Ռատիօվարիկանի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական խմբագրականը։


“Առաջացիր Դէպի Բացերը ”.

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին այս շաբթուայ իր խմբգրականը դարձեալ կը յատկացնէ երանելի ՅՊԲ Քահանայապետին։
Երբ տեսայ անոր թագաղը մտածեցի. Ահաւասիկ մեր հետն է կրկին։
Այս խօսքերովԿարտինալ Տժիվիչը ՅՊԲ.ի երանացման արարողութեան նախօրեակի հսկումի ժամանակ տուած իր վկայութեամբ` արտայայտեց բոլոր այն մարդոց զգացումները որոնք ներկայ էին այդ գիշեր եւ որ յաջորդ օրերուն յուզումով այցելեցին Սուրբ Պետրոսի եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած երանելիի դամբանը, կը գրէ հայր Լոմպարտին ։
Հաւատացեալին համար անշուշտ երանելի ՅՊԲ եղած է միշտ ներկայ ու անոր յիշատակը կենդանի. թէեւ չենք կրնար ժխտել թէ երանացման աղօթքի եւ տօնի արարողութիւնները աւելիով հաստատեցին անոր ներկայութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։
Շնորհքի օրեր եղան անոնք։ Այսպէսով եկեղեցւոյ կեանքէն ներս երանացումի իմաստն ու կարեւորութիւնը աւելի հասկնալի կը դառնան եւ յատկապէս՝ այս երանացումին իմաստը ։
Այն հազարաւոր ամբոխին մէջ, որ շարքի կեցած էին մօտենալու դիտաւորութեամբ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը, կային նաեւ՝ երիտասարդ ընտանիքներ իրենց զաւակներով։
Զաւակներ որոնք չէին ճանչցած Վոյթիուայ Քահանայապետը բայց անոր երիտասարդներուն ժառանգորդներն են։
ՅՊԲ գիտակից էր իրեն վստահուած առաքելութեան, առաջնորդելու՝ եկեղեցին դէպի երրորդ հազարամեակ եւ Մեծ Յոբելեանի ընթացքին Աստուծոյ Ժողովուրդին ըսած էր “Առաջացիր Դէպի բացերը ”.
Եկեղեցին կը յառաջանայ երրորդ հազարամեայի ծովուն մէջ, տեղեակ ըլլալով որ կրնայ յենուլ ՜՜Միջնորդի մը՝՝ վրայ որ կը շարունակէ խրախուսել զինք ըլլալու անվախ։
Պենետիկտոս ԺԶ կ՛ արձագանգէ ՜՜երկնքէն շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքին. Շատ անգամ մեզ օրհնեցիր. Այսօր քեզի կ՛աղեսրսենք՝ հայր սուրբ օրհնէ մեզ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.