2011-05-10 12:20:04

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ֆրանչիսքեան Հ. Եակերը Նշանակեց Նոր Դատաւոր Հռոմի Վերին Ատեանին ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց հայր Դաւիթ Եակերը` ծագումով հրեայ ֆրանչիսքեան կրօնաւոր մը որպէս դատաւոր` Հռոմի Վերին Ատեանին։ Ան եղած է ռեկդորը Անտոնեան քահանայապետական իրաւագիտութեան համալսարանի։
Հայր Դաւիթ Եակեր 1999 էն ի վեր կը դասաւանդէ Հռոմի Անտոնեան քահանայապետական համալսարանի իրաւագիտութեան մէջ, միաժամանակ խորհրդատու է Արեւելեան եկեղեցիներու ու եպիսկոպոսներու ժողովներու, ինչպէս նաեւ խորհրդատու է օրէնսդրական բնագիրներու քահանայապետական խորհուրդին։
Նշենք թէ Ռուդա Ռոմանան՝ Ս. Աթոռի 3 դատական ատեաններէն մէկն է, եւ մասնաւորապէս կը զբաղի ամուսնական դատերու հարցերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.