2011-05-10 12:18:33

Դպրաց Եւ Կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մէջ։


Կիրակի 8 Մայիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի փոքր դասարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ Ընծայարանական սաներ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորութեան խոնարհ աստիճանները ստացան:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական բարձր տնօրինումով, Դպրեվանքի Տեսչութիւնը ձեռնադրութեան ներկայացուցած էր դպրութեան եւ կիսասարկաւագութեան յարմարագոյն երկու դասարանները:
ՙՀայր Մեր՚էն անմիջապէս առաջ, Մայր Խորանի բեմին առջեւ տեղի ունեցաւ Դպրաց ձեռնադրութիւնը, ձեռամբ Գերշ. Տ. Կորիւն Ս. Արք. Պապեանի: Ձեռնադրիչ Սրբազանը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ խոնարհ կարգերուն առաջին չորս աստիճանները՝ Դռնապանութիւնը, Ջահընկալութիւնը, Երդմնեցուցչութիւնը եւ Ընթերցողութիւնը շնորհելով, անոնց գլուխներէն խաչանիշ կտրեց մազի փունջեր, ի նշան եկեղեցւոյ ծառայութեան ընծայումի:
Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Արտակ Աբղ. Արապեան:
Կորիւն Սրբազան նաեւ կիսասարկաւագական աստիճան շնորհելով Ա. Ընծայարանի սաներուն, Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող մաքուր ու սուրբ ուրարները անոնց բազուկներուն վրայ զետեղեց: Ապա, ընթերցուած աղօթքներուն ճամբով, ձեռնադրիչ Սրբազանը յորդորեց զանոնք ըլլալ հաւատարիմ իրենց պաշտօնին, ու անարատութեամբ կատարել զայն: Այս առիթով Սրբազանը քարոզեց, եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչուած անձին նկարագրային գիծերը մատնանշելով:
Սրբազանը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ մեր ժողովուրդէն ընտրուած նորահաս սերունդին, որ կոչուած է ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Ան շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու յատկապէս ձեռնադրեալներուն ծնողները, վստահեցնելով որ նորոգ ձեռնադրեալները ապագայ յոյսը պիտի դառնան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի սպասաւորութեան լծուած փաղանգին:
Ապա, նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները երկիւղածութեամբ մօտեցան Վեհափառին գահուն, ու աջահամբոյրով ստացան անոր օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.