2011-05-10 11:59:33

2011-ը՝ Հայ Մանուկի Տարի (հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի կողմէ)


Մանուկները եւ «Աղքատախնամի Պնակ»ը,
Արեւմտեան ամէնէն հարուստ եկեղեցիներն անգամ իրենց արարողութեան ընթացքին յատուկ պահ կը տրամադրեն «Նուիրահաւաք»ի, պարզապէս հաւատացեալներուն մօտ քաջալերելու համար ուրիշին օգտակար հանդիսանալու քրիստոնէական դաստիարակիչ սովորութիւնը:
Տեսնուած է, որ իրենց մանուկները եկեղեցի բերած ծնողներ, նուիրահաւաքի պահուն մանր դրամներ կու տան նաեւ իրենց զաւակներուն, որպէսզի քրիստոնէական ուսանելի վարժութիւնը ձեռք ձգեն անոնք վաղ տարիքին, եւ սորվին զոհողութեան գիտակցութեամբ օգտակար դառնալ կարիքի մէջ եղողներուն: Արեւմտեան երկիրներու մէջ կայք հաստատած մեր գաղութներու եկեղեցիներուն մէջ ալ, օտարներէն ընդօրինակուած տեսած ենք այս բարի սովորութիւնը, միշտ ի սրտէ ըղձալով որ անիկա տարածում գտնէ մեր ամէն եկեղեցիներէն ներս:
Կիրակնօրեայ վարժարանները իրենց հիմնադրութեան օրէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ, հայ մանուկին հոգեւոր գիտելիքներ փոխանցելուն հետ, նաեւ ա՛յս դաստիարակութիւնը կը շարունակեն ջամբել: Կիրակնօրեայ եկող իւրաքանչիւր մանուկ, իր հետ կը բերէ իր ջնջին նուէրը: Գիտակից ծնողը, այդ փոքրիկ գումարը իր երեխային ափին մէջ դրած պահուն, սքանչելի առիթը ունի զայն դաստիարակելով ըսելու, թէ այդ շաբաթ իրեն համար առնուելիք քաղցրեղէններու գումարին մէկ փոքրիկ մասն է ատիկա, որպէսզի աղքատ երեխաներ եւս քաղցրեղէն ուտելու հնարաւորութիւն ունենան: Աշխարհի մարդկութեան բարերարները այսպէ՛ս կը կազմաւորուին, այլապէս մարդկութիւնը հետզհետէ պիտի դառնայ ինքնակեդրոն, անձնասէր ու այլամերժ: Քրիստոնէական ոգին միայն աստուածային պատգամներուն ուսումն ու ուսուցումը չէ, այլ անոնց գործնականացումը, որ այս կեանքին մէջ, նոր ժամանակներու լոյսին տակ շօշափելիօրէն կարելի է կատարել նիւթական դոյզն ներդրումով իսկ:
Աղքատին աչքը Աստուծոյ «դրամատուն»ն է: Երբ աղեկտուր նայուածքով դիտէ աչքերդ, կը նշանակէ թէ բացուած յայտարարուած է հաշիւդ: Ինչքան դնես այնտեղ, այնքան պիտի ստանաս ապագային: Եկեղեցին է այն արժանահաւատ հաշուապահը, որ հաւատարմութեամբ ու ճշգրտութեամբ կը կատարէ գրառումները: Աղքատը փաստաբան չի՛ կրնար վարձել, ո՛չ ալ դրամատան մէջ գումար կրնայ ի պահ դնել: Անոր միակ ապաւէնը եկեղեցին է, որուն կը վստահի, եւ կ’ակնկալէ որ անպայման զօրակցի իրեն, յատկապէս նեղութեան ու դժուարութեան պահուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.