2011-05-09 12:11:29

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Օրուան Նշում-Լիբանան:


Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը նշուեցաւ, կիրակի, 8 մայիսին : Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Ան նկատել տուաւ, որ բանի մը կրկնութիւնը ձանձրանալի կը դառնայ, սակայն երբ իմաստ եւ կարեւորութիւն ունեցող դէպք մը կամ իրականութիւն մը կը կրկնենք, չենք ձանձրանար` աւելցնելով, որ Քրիստոսի յարութեան աւետիսը քրիստոնեային համար մեծագոյն աւետիսն է: Ակնարկելով սոյն օրուան Աշխարհամատրան կիրակի կոչուելուն` առաջնորդ սրբազանը բացատրեց անոր իմաստը, թէ աշակերտները Քրիստոսի համբարձումէն ետք կը հաւաքուէին տեղ մը, եւ այդ տեղը եղաւ առաջին եկեղեցին, որ կոչուեցաւ աշխարհամատուռ:
«Յարութիւնը կեանքը նորոգեց» շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մարդը սկսաւ ապրիլ նոր կեանք մը, որուն մէջ մահ գոյութիւն չունէր: «Այսօր առաջին եկեղեցւոյ տօնն է», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ ներկայիս եկեղեցական իշխանութիւնը ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքի կեանքը կառավարելու, կազմակերպելու, առաջնորդելու գործը կ՛ընէ:
Եզրափակելով իր խօսքը` Գեղամ արք. Խաչերեան հաստատեց, որ եթէ հայ եկեղեցին ամուր շաղախ եւ կառոյց է, ապա այդ մէկը իր հաւատացեալներուն եւ ոչ թէ շէնքին շնորհիւ է: «Եթէ եկեղեցւոյ իմաստը, պատմութիւնը, դաստիարակութիւնը հեռացնենք նոր սերունդէն, ապա կը փլի այդ եկեղեցին», ընդգծեց առաջնորդ սրբազանը: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք








All the contents on this site are copyrighted ©.