2011-05-09 12:27:33

Ռայի Պատրիարքը Կը Մաղթէ Որ Լիբանան Կարենայ Յաջող Դուրս Գալ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթէն։


Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, Կիրակի օրը նախագահեց Հարիսայի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` խնդրելով, որ Աստուած լիբանանցի պատասխանատուներուն խիղճը արթնցնէ, որպէսզի անոնք կարենան երկիրը դուրս բերել կառավարութեան կազմութեան տագնապէն, որուն պատճառով երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը անդամալուծուած է, իսկ Լիբանանը` տնտեսական լուրջ տագնապի մէջ խրած:
Ռայի պատրիարքը աղօթեց առ Աստուած, որ Լիբանանի ղեկավարներուն միջեւ ազգային համերաշխութեան սկզբունքները ամրապնդուին եւ փոխադարձ յարգանքը պարտադրէ ինքզինք: Ըստ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին, Ռայի պատրիարքը պիտի առաջադրէ` նախագահ Միշել Սլէյմանին եւ երեսփոխան Միշել Աունին որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահնէ , որպէսզի իրենց միջեւ հաշտութիւն գոյացնեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.