2011-05-09 12:53:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապլետին Հովուական Այցելութիւնը Իտալիոյ Հիւսիս-արեւելեան Հողամասին։


Երկու օրուայ հովուական այցելութիւնը, առիթ տուաւ Սրբազան Քահանայապետին յիշեցնելու հաւատացեալներուն որ կ'ապրինք մշակութային եւ կրօնական բազմազան ընկերութեան մէջ, հետեւաբար քրիստոնեային պարտականութիւնն է ուղիղ եւ անկեղծ կապ հաստատել եկեղեցի չյաճախողներուն, ոչ հաւատացեալներու եւ այլ կրօնքի հետեւողներու հետ։ Հարկ է որ քրիստոնեան իր շրջապատին ցոյց տայ, Քրիստոսի աշխարհ գալստեան գեղեցկութիւնը։ Քրիստոս ամէն մարդու համար ճանապարհ է, ճշմարտութիւն եւ կեանք։ Քրիստոնեան նաեւ՝ կանչուած է բարի կամք ունեցող մարդոց հետ միասին, կերտելու՝ աւելի մարդկայնական, արդար ու զօրավիգ ընկերութիւն մը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը Աքուիլէայի հաւատացեալներուն յիշեցուց թէ՝ իրենց քաղաքը եղաւ մայրը Իտալիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ(ըսաւ ան) ձեր սահմանակից աւստրիոյ, սլավ եւ հունգարիոյ եկեղեցիներուն։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը բարձրացուց խնդրելով՝ այս հողի նահատակներէն, որ ամրապնդեն այսօրուայ քրիստոնեաներուն հաւատքը ու իրենց կարգին դառնան արի եւ հաւատարիմ աշակերտները Քրիստոսի ։
Իր այս այցելութեան աւարտին՝ Նորին Սրբութիւնը երեկոյեան ուղղուեցաւ Վենետիկ, ուր հոն գիշերեց։
Վենետիկի մէջ, առաւօտուն, մատուցած պատարագին ընթացքին որուն մասնակցեցան աւելի քան 300 հազար հաւատացեալներ, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց վենետիկցիները որ խաչուած ու յարուցեալ Քրիստոսը ըլլայ լուսաւորողը իրենց քրիստոնէական հաւատքին եւ Յիսուսը դառնայ իրենց կեանքին տիպարը։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը քաջալերեց զանոնք ըլլալու հիւրընկալ ու չվախնալու գաղթականներէն ու փախստականներէն։
Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ շրջանի կղերին հետ խթանելով զանոնք ''դէպի վեր բարձրանալ'' ու չվախնալ հակահոսանքի դէմ ընթանալէ, որովհետեւ եկեղեցականը պէտք է օգնէ մարդը գերազանցելու անհատապաշտութեան ու յարաբերականութեան դժուարութիւնները։
Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ տնտեսութեան ու մշակոյթի աշխարհին հետ, անոնց առաջարկելով որ ուղղեն իրենց քաղաքականութիւնը դէպի գեղեցիկը ու չնպաստեն ստծեղծելու վաղանցուկ, անկայուն ու յարաբերական աշխարհ մը։ Նորին Սրբութիւնը իր հովուական այցելութիւնը եզրափակեց կոչ ընելով որ ՜՜հիմնեն քաղաքակրթութիւն մը հիմնուած արդարութեան, փոխադարձ յարգանքի ու ճանաչումի եւ բարեկամութեան կապերու վրայ՝՝։

Երկուշաբթի 9 մայիսին՝ ժամը 12.30-ին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՛ունենայ Չեխ հանրապետութեան Հրատէց Գրալովէի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ժան Վոգալի ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ








All the contents on this site are copyrighted ©.