2011-05-09 12:27:02

9 Մայիս՝ Կը Յիշատակենք Շուշիի Ազատագրութեան 19-ամեակը ։


Ազատագրուած օրէն ի վեր Շուշին իբրեւ քաղաք ու ապրող բնակչութիւն բացարձակապէս մնացած է նոյնը: Ի հարկէ որոշակի առումով ծաղկած է հոգեւոր ու մշակութային կեանքը, ծաւալած է շինարարութիւնը, կազմակերպուած են պետական կառոյցներն ու ենթակառոյցները եւ արձանագրուած է բնակչութեան աճ: Խնդիրը ակնկալուած արդիւնքէն տակաւին հեռու մնալն է, զարգացման աշխատանքներուն պէտք եղած թափի հաղորդման պակասն է:
«Պէտք է»ներու շարքը անհարկի է անշուշտ: Կը բաւէ վերստին յիշել քաղաքին ներկայացուցած ռազմավարական կարեւորութիւնը, համոզուելու համար որ մեր հայրենիքի անվտանգութեան պահպանման համար որքա՛ն կարեւոր է Շուշիի բերդին անառիկութիւնը:
Նկատառելի բնակեցում կամ առեւտրական ու ճարտարարուեստական քաղաք ակնկալելը եւ պահանջներուն առաստաղը բարձրացնելը իրատեսական չի թուիր: Մշակութային կեդրոնի վերածելու առաջադրանքը սակայն, որ կը վայելէր պետական հովանաւորութիւն եւ համապատասխան կառոյցներու աջակցութիւն, տակաւին յայտարարուած առաջադրանքի տարողութեան առարկայացումը չէ գտած քաղաքին մէջ:
Եղանակային եռուզեռներ կազմակերպելը սակայն` մշակութային փառատօներու, համահայկական համաժողովներու, երիտասարդական բանակումներու, մարզական մրցաշարքերու ճամբով կենդանութիւն կ՛ապահովեն քաղաքին: Այս միջոցառումները ինքնին պետական հովանաւորութիւն կ՛ենթադրեն. անոնց իրականացման համար համապատասխան ծառայութիւններու եւ դիւրութիւններու կարիքը ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Ի վերջոյ համահայկական միջավայրեր ստեղծելու համար անհրաժեշտ են համաժողովներու սրահներ, պանդոկներ, մարզադաշտեր եւ նման ենթակառոյցներ, որոնց շինարարութիւնը արդէն նոր գործատեղերու եւ աշխատուժի պահանջ կը դնէ:
Հայաստան – Լեռնային Ղարաբաղ – Սփիւռք եռամիասնութեան առարկայացման յարմարագոյն վայրերէն մէկը Շուշին կարելի է համարել: Յառաջիկայ տարին ազգովին պիտի նշենք Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը: Անիկա կրնայ վերածուիլ լաւագոյն առիթի` Շուշին իբրեւ համահայկական կեդրոնատեղի նկատի ունենալու եւ ըստ այնմ նախապատրաստուելու: 20-ամեակը պարզապէս կրնայ գործնական մեկնարկի ծառայել՝ համահայկական եղանակային եռուզեռներ կազմակերպելու համար:
Համահայկական հովանոցը ընդմիշտ պէտք է բաց պահել այս քաղաքին վերեւ: Անոր ազատագրումը եւս համահայկական ուժերով էր, որ իրականացաւ: Շուշին բերդն է Արցախին, Արցախը իր կարգին` Հայաստանի Հանրապետութեան:
Բերդին անառիկութեան պահպանումը հաւասարապէս բոլորիս պարտականութիւնն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.