2011-05-08 11:45:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Այցելութիւն Աքուիլէա Եւ Վենետիկ - Ճամբորդութեան Յայտագիրը


Կիրակի 8 Մայիս 2011 առաւօտեան, Պենետիկկտոս ԺԶ Քահանայատը Մեսդրէ-ի Սան Ճիուլիանօ կոչուած հրապարակը մատուցեց սուրբ պատարագը ներկայութեամբ խուռն հաւատացեալներու` ժամանած Թրիվենէթոյի նահանգներէն ինչպէս նաեւ Խրուաթյայէն` Սլովէնեայէն, Գերմանիայէն, Հունգարիայէն եւ Ավստրիայէն։
Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին ի մէջ այլոց Սլովէնիոյ Լուպիանայի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Անտոն Ստրէս` Ավստրիոյ Կրացիի եպիսկոպոս գերապայծառ Էկոն Գաբէլլարի ինչպէս նաեւ Ճաբոնի առաքելական նուիրակ Գերապայծառ Ալպէրթօ Պոթթարի Տէ Գասդէլլոն որ բնիկ Թրիվենէթոյի շրջանէն է։

Պատարագի սկիզբը խօսք առաւ Վենետիկի Պատրիարք Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան իսկ պատարագի աղօթքի դիտաւորութիւնները կարդացուեցան գերմաներէն, սլովերէն եւ հունգարերէն լեզուներով սոյն երկիրներէն հաւատացեալներու ներկայութեան պատճառաւ։

Պատարագի աւարտիին ժամը 12.30 Նորին Սրբութիւնը արտասանելէ ետք Ողջ Լեռ Թագուհի մարեմեան աղօթքը ուղղուեցաւ Վենետիկի Պատրիարքարանը ուր ճաշեց շրջանի եպիսկոպոսներու հետ։

Ժամը 16.45 Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Մարկոս Եկեղեցւոյ մէջ Կը նախագահէ Վենետիկի Պատրիարքական եկեղեցւոյ երրորդ ընդհանուր նիստին։ Նիստը սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ որմէ ետք Կարտինալ Սքոլան կը ներկայացնէ հաշուէկշիռը, ապայ Նորին Սրբութիւնը խօսք մը կ'ուղղէ շրջանի զանազան ժողովրդապետութիւններու պատասխանատուներուն` եղբայրակցութիւններուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն եւ այլ Քրիստոնեայ եկեղեցիներու անդամներուն։

Ժամը 17.45 Պենետիկտոս ԺԶ Կոնտոլով կ'անցնի Առողջութեան Պազիլիքայ։ Այս ընելով Պենետիկտոս ԺԶ կը հանդիսանայ երրորդ Պապը որ Վենետիկ այցելելով Կոնտոլը կը գործածէ։ Առաջինը եղած է Պօղոս Զ պապը 1972ին իսկ երկրորդը ՅՊԲ քհանայապետը 1985-ի յունիսին։

Առողջութեան Պազիլիքայի մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսք մը կ'արտասանէ Վենետիկի մշակութային եւ տնտեսական աշխարհի ներկայացուցիչներուն։ Ապա կ'այցելէ վերանորոգուած Սուրբ Երրորդութեան Մատուռը եւ բացումը կը կատարէ վերանորոգուած ''Մարչիանում'' մատենադարանին։Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը կ'ուղղուի Մարքօ Բոլօ օթակայանը եւ ժամը 19.45ին կը մեկնի դէպի Հռոմ ուր կը հասնի 20.30ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.