2011-05-08 11:26:15

Մեծ Խանդավառութիւն Կը Ստեղծէ Հայրենի ՜՜Դուանեան Քառեակի՝՝ Ելոյթը Հռոմի Մէջ։


Կազմակերպութեամբ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին եւ Իտալա-հայկական ՜՜Ծիծեռնակ՝՝ ընկերակցութեան ու նաեւ Իտալիոյ ֆրիուլի մարզի քաղաքապետական վարչութիւններուն, Հայրենի Դուանեան քառեակը, Հռոմի եւ Իտալիոյ հիւսիսային շրջանի քաղաքներու մէջ ելոյթներ ունեցաւ։
Սոյն նուագախումբը Հայաստանի մէջ, ժողովրդական երաժշտութեան մեծ համբաւ վայելող խումբերէն մին է Հայաստանի մէջ։
Հինգշաբթի 5 Մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի՝ ներքնաբակին խաղաղարար մթնոլորտին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով՝ Դուանեան քառեակը ելոյթ ունեցաւ , մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ եւ իտալացի բազմաթիւ ներկաներուն մօտ։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւող յայտագիրին մէջ, Լեւոն Թվանեան,(1975), Արտաւազդ Մելքոնեան (1983), Էտկար Մարգարեան (1980), եւ Սամուէլ Խաչատրեան, (1983) հայկական աւանդական երաժշտական գործիքներով՝ (Դուդուկ, Դոհլ եւայլն...) ներկաներուն հրամցուցին հայկական ժողովրդային կտորներ ու երգեր ։
Նշենք թէ՝ այս ձեռնարկը իրագործուեցաւ շնորհիւ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին ջանքերուն եւ հովանաւորութեան։
Հռոմէն ետք՝ հայրենի նուագողները անցան ֆրիուլիի զանազան մարզեր, ելոյթներ ունենալու, Բայիզան Տի Բրաթօ-ի՝ (ֆրիուլի) 1915-ի՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի նուիրուած՝ դաշտի բացման հանդիսութեան առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.