2011-05-08 11:52:29

Աքուիլէա Եւ Վենետիկ Հովուական Այցելութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ 2011-ի Առաջին Ճամբորդութիւնն է։


Աքուիլէա Եւ Վեվնետիկ Հովուական Այցելութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ 2011-ի կատարելիք 9 առաքելական ճամբորդութիւններէն առաջինն է, յաջորդ ճամբորդութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 4 եւ 5 յունիսին Խրուաթիայի այցելութեամբ։ Նշենք թէ 2011-ին նախատեսուած են 4 Միջազգային Ճամբորդութիւններ եւ 5 հովուական այցելութիւններ Իտալիոյ սահմաններէն ներս։։

Յայտնենք թէ Իտալիոյ Հիւսիս-Արեւելքի եկեղեցին Սրբազան Քահանայապետին կը նուիրէ Մուրանոյի աշխարահռչակ ապակիէ շինուած մոմակալներ։ Մոմակալները ձեռագործն են Մուրանոյի ապակիի արհեստագէտ Արքիմետէ Սէկուզօյի աշակերտ վարպետներու որոնք իրենց կարգին կը շարունակեն յառաջ տանիլ իրենց Վարպետի հնարած այս ապակեղէնի արտադրութեան գեղարուեստը։

Պենետիկտոս ԺԶ հովուական այցելութեան առթիւ Վենետիկի բանտարկեալներէն ոմանք նամակ մը յղած են Սրբազան Հօր որուն մէջ կ՛ընդգծեն թէ ամէն յանձանքի ետեւ կայ անձ մը` պատմութիւն մը ու իրմէ կը խնդեն << միջամտութիւն աւելի արդար արդարութիւն մը ունենալու որ հետապնդէ ոչ միայն ապաշնորհն վիճակի մէջ գտնուողները այլ բոլոր անոնք որ յանձանք գործած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.