2011-05-08 12:11:42

Աւելի Քան 200 Հազար Հաւատացեալներ Մասնակցեցան Սան Ճիուլիանոյի Բացօթեայ Տարածքի Վրայ Սրբազան Քահանայապետի Մատուցած Սուրբ Պատարագին


Աւելի քան 200 հազար հաւատացեալներ մասնակցեցան Սան Ճիուլիանոյի բացօթեայ տարածքի վրայ Սրբազան Քահանայապետի մատուցած սուրբ պատարագին որուն աւարտին Նորին սրբութիւնը արտասանեց ողջ լեռ թագուհի մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խօսք մը ուղղեց հաւատացեալներուն որուն մէջ ըսաւ

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր
Այս սուրբ զոհին աւարտին մեր նայուածքը ուղղենք դէպի Մարիամ Երկնքի Թագուհիին։ Զատկուայ արշալոյսին Ան եղաւ Յարուցեալին Մայրը եւ անոր հետ իր ունեցած կապը այնքան սերտ է որ ուր ալ Որդին գտնուի հոն է նաեւ Մայրը։ Աստուածամայրը մեզ կ՛առաջնորդէ Քրիստոսի եթէ հետեւինք իրեն։ Թող Տէրը ձեցի` այս հողամասի քրիստոնեական դարաւոր պատմութեան բնակիչներուդ` պարգեւէ շնորհքը ապրելու աւետարանը այնպէս ինչպէս ապրած է զայն նորածին եկեղեցին << ''Հաւատացեալներու բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր'' (Գ. Առ. 4, 32)։
Հայցենք Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպեսզի այսօր եւս` ինչպէս այդ ժամանակ` նեցուկ կանգնի քահանաներուն իրենց Բարի Լուրը աւետարանելու առաքելութեան մէջ։ Պտղաբեր դարձնէ կրօնաւորներու վկայութիւնը` խրախուսէ ծնողները իրենց զաւակներուն հաւատք փոխանձելու իրենց պարտականութեան մէջ` լուսաւորէ երիտասարդներու ճանապարհը որպեսզի ընթանան իրենց պապերու հաւատքի քայլերով, ծերունիներուն սրտերուն շնորհէ յոյս եւ սփոփանք եւ մխիթարէ հիւանդները իրենցտարապանքի մէջ։ Ամրապնդէ այն բոլոր աշխարհականները որոնք մեծ նուիրումով կը համագործակցին եկեղեցական կարոյցներու առաքելութեան նոր աւետարանացումի ի սպաս։
Ամենքդ կը քաջալերեմ միութեան հոգիով աշխատելու այս մեծ այգիին մէջ ուր Տէրը մեզ կանչած է գործելու։
Մարիամ Յարուցեալի եւ եկեղեցւոյ Մայրը Աղօթէ մեզի համար։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.