2011-05-07 12:43:29

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնի Ներկայացուցիչները Եւ Դոկտ. Կիւլամիրեան Այցելեցին Հայաստանի Դեսպանատուն։


Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ հայրենի մանկավարժ Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան 5 մայիսին այցելեցին Հայաստանի hանրապետութեան դեսպանատուն` Պէյրութի մէջ Փրոֆ. Կիւլամիրեանի ղեկավարութեամբ մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակի մեկնարկին առիթով: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան, դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կրթական մարմնի անդամ տիկին Զուարթ Նաճարեան: Անոնք ընդունուեցան արտակարգ եւ լիազօր դեպան պրն. Աշոտ Քոչարեանի կողմէ:
Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական ամբիոնի դասախօս Դոկտ. Կիւլամիրեան ամբողջ մէկ ամիս պիտի գտնուի Պէյրութ` Լիբանանահայ մանկապարտէզներու եւ տարրական դասարաններու մանկավարժներուն ուղղուած հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի վերաբերեալ դասընթացքներ վարելու նպատակով: Ծրագիրը կ’իրականանայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հովանաւորութեմբ եւ Հայաստանի կրթական նախարարութեան եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի գործակցութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին Նարեկացի կեդրոնի պատասխանատուները պարզեցին հայ աշակերտներուն հայերէնի ուսուցման եղանակները զարգացնելու նկատմամբ հայ կաթողիկէ կրթական մարմիններուն յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ մանկավարժներուն մասնագիտական օգնութիւն տրամադրելու անոնց պատրաստակամութիւնը, որուն ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն մէջ կը դիմուի նաեւ Հայաստանի համապատասխան մարմիններու եւ մասնագէտներու օգնութեան: Անոնք ներկայացուցին կատարուելիք աշխատանքներուն ընդհանուր բովանդակութիւնն ու նպատակները:
Դեսպան Քոչարեան իր հերթին ողջունեց Դոկտ. Կիւլամիրեանի այցելութիւնը` Պէյրութ, գնահատեց կրթական մարզին մէջ լիբանանահայ կառոյցներուն տարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց առաջադրուած աշխատանքներուն: Ան կարեւորեց սփիւռքեան համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնումը` ի խնդիր փոխադարձ ճանաչումի եւ համատեղ աշխատանքներու կազմակերպման:









All the contents on this site are copyrighted ©.