2011-05-07 12:49:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կ'ընդունի ''Պապական Հիմնադրամ''ի Անդամները։


Հինգշաբթի 5 մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց ամերիկեան ''Պապական հիմնադրամ''ի անդամները։ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց 120 ներկայացուցիչներուն, անոնց բերած մեծ նպաստին Եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Յայտնենք թէ ''Պապական հիմնադրամը'' իր սատարով օգնութեան կը հասնի Արեւելեան Եւրոպայի, Լատին Ամերիկայի ու Ափրիկէի մէջ Եկեղեցւոյ մատուցած եղբայրօգնութիւններու ծրագիրներուն ու կարգ մը անհատներու կազմաւորման։
Այս տարի վերոյիշեալ հիմնադրամը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յանձնեց 8,6 միլիոն ամերիկեան տոլար որոնք պիտի ծառայեն 110 ծրագիրներու իրականացումին եւ երաշխաւորելու՝ բազմաթիւ ուսանող թոշակաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.