2011-05-07 12:14:04

Լիթուանիոյ Նախագահը Այցելեց՝Ծիծեռնակաբերդ ։


Հայաստան այցելած Լիթուանիոյ նախագահ Տիկին Տալիա Կրիպաուսկայտէ առջի օր կանուխ առաւօտեան Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր բարձրացաւ ու ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Մեծ Եղեռնի Յուշահամալիրի անմար կրակին առջեւ, յարգելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, ապա շրջեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան։ Նախապէս Լիթուանիոյ նախագահը տեսակցութիւն ունեցած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Լիթուանիոյ նախագահը, որ նախքան Երեւան ժամանելը Պաքու եւ Թիֆլիս այցելած էր, ընդգծեց, որ ո՛չ մէկ երկիր, ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն պիտի աջակցի ղարաբաղեան խնդիրի զինուորական լուծման։
Յիշենք որ Լիթուանիոյ խորհրդարանը 2005-ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը.








All the contents on this site are copyrighted ©.