2011-05-07 12:45:10

Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիպումը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքի Ներկայցուցիչին Հետ։


Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհը` ընկերակցութեամբ խորհուրդի «Կեանք եւ ծառայութիւն» բաժանմունքի տնօրէն՝ Սեդա Խտըշեանին (Հինգշաբթի, 5 մայիսին) այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին, խորհրդակցելու՝ վեհափառին հետ որպէս խորհուրդի նախագահներէն մէկը, սոյն խորհուրդի գործունէութեան առնչուած կարգ մը հարցերու մասին, եւ յատկապէս յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք համաժողովին մասին:
Վեհափառը ընդունեց նաեւ մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Հարես Շեհապը որ միաժամանակ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ատենապետն է, հանդիպման ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչը՝ դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Նշենք թէ յառաջիկայ շաբաթ, Պքերքէի մէջ տեղի պիտի ունենայ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպումը որուն ընթացքին նաեւ պիտի կատարուի յայտարարութիւն մը, վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց որ յայտարարութիւնը պահուի ընդհանուր գիծերու մէջ` շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը եւ հեռու մնալով քաղաքական բնոյթ ունեցող զգայուն հարցերէ, նաեւ՝ առաջարկեց, որ հաղորդագրութեան մէջ ներառուի կոչ մը` ուղղուած արտերկրի լիբանանցիներուն, հայրենիքին նկատմամբ իրենց կապուածութիւնը աւելի ամրապնդելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.