2011-05-04 12:09:59

Պին Լատէնի Սպպանութիւնը, եւ Համաս-Ալ ֆաթահ ու Պաղեստինեան Կազմակերպութիւններու Հաշտութեան Համաձայնագիրը՝Գահիրէի Մէջ


Փաքիստանեան պաշտօնական շրջանակներ Ալ-Քայիտայի ղեկավար Ուզամա Պըն Լատենի սպաննութեան հարցով զիրար հակասող յայտարարութիւններ կատարեցին:
Փաքիստանի վարչապետ Ալի Զարտարի յայտարարեց, որ իր երկիրը չէ մասնակցած Պին Լատենի սպանութեան ամերիկեան զինուորական գործողութեան` աւելցնելով, որ փաքիստանեան իշխանութիւնները անոր թաքնուած վայրէն տեղեակ չէին: Բայց Ուաշինկթընի մէջ Փաքիստանի դեսպան Հասան Հաքանի` հակասելով Փաքիստանի վարչապետի յայտարարութեան, յայտնեց, որ իր երկիրը օժանդակած է Պըն Լատենի թաքստոցի յայտնաբերման աշխատանքին:
Միւս կողմէ, «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով «Սի. Այ. Էյ.»էն աղբիւներ, կը հաղորդէ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչները կ՛ենթադրեն, որ Պին Լատեն իր մահէն առաջ ձգած է ուղերձ մը, որ շուտով պիտի հրապարակուի: Սակայն տակաւին յայտնի չէ, թէ անիկա ձայների՞զ մըն է, թէ՞ տեսաերիզ մը:

Իսկ այսօր Գահիրէի մէջ Միջ-Պաղեստինեան Հաշտութեան Պաշտօնական Հաւաքը կը Կայանայ։
Պաղեստինեան բոլոր հատուածները երէկ Գահիրէի մէջ ստորագրեցին միջ-պաղեստինեան հաշտութեան փաստաթուղթը: Ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի եւ Ալ-Ֆաթահի պատուիրակութեան ղեկավար Ազզամ Ահմատի:
Այսօր Եգիպտական գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնատեղիին մէջ համաձայնութեան ստորագրութեան առիթով տեղի կ՝ունենայ պաշտօնական հաւաք մը, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս:
Համաս շարժումէն պաշտօնատարներ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Համաս,Ալ- Ֆաթահ շարժումին հետ նոր կառավարութիւն մը կազմելէ ետք եւս պիտի յարգէ Իսրայէլի հետ ոչ պաշտօնական զինադուլը:








All the contents on this site are copyrighted ©.