2011-05-04 12:30:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 4 մայիս 2011-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Ս. Պետրոսի հրապարակը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին սկիզբը.
Այսօր կ'ուզեմ սկսիլ խորհրդածութեան նոր շարք մը` նուիրուած աղօթքի, որ Յիսուս մեզի սորվեցուց, ու Եկեղեցին կը շարունակէ մեզի սորվեցնել։ Յիսուս Քրիստոսով մարդը կարող կը դառնայ մօտենալու Աստուծոյ, խոր եւ սերտ միութեամբ։
Աղօթքով կ'աշխատինք սերտ միութեան մէջ ապրիլ Տիրոջ հետ եւ մաս կազմել աղօթքի դպրոցին։ Որովհետեւ քաջատեղեակ ենք թէ աղօթքը ինքնաբուխ բան մը չէ, պէտք է սորվիլ աղօթել եւ սորվիլ զայն Յիսուսի դպրոցէն ։
Հին մշակոյթներու մէջ, միշտ եւ ամենուրէք, մարդիկը դիմած են Աստուծոյ։
Ամէնքս գիտակից ենք թէ մարդկային էակը կախեալ է իրմէ աւելի բարձր եւ բարիք ներշնչող էակէ մը։ Մարդ արարածը միշտ կը դիմէ աղօթքին, որովհետեւ կը հարցադրէ իր էութեան մասին։
Սուրբ Գիրքի Յայտնութիւնը կը բիւրեղացնէ եւ իր գագաթնակէտին կը հասցնէ մարդու ձգտումը առ Աստուած, աղօթքի միջոցաւ ստեղծելու աւելի խոր կապ մը ՜՜Երկնային Հօր՝՝ հետ։ Առաջին առաքեալներու հետ միասին ըսենք ՜՜Տէր մեզի աղօթել սորվեցուր՝՝։

Ապա Նորին սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու մասնաւորապէս սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող՝ Վատիկանի Զուիցերիական պահակագունդի ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ Լեհաստանէն` ՅՊԲ.ի երանացման առթիւ Հռոմ ժամանած ուխտաւորները։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։ Կը գտնուինք մայիս ամսուայ մէջ ուր շատ մը երկիրներու մէջ քրիտոնեաները կը մեծարեն Տիրամայրը։ Սիրելի երիտասարդներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Աստուածածնայ դպրոցէն սորվեցէք կատարել Աստուծոյ Կամքը։ Սիրելի հիւանդներ, նայելով Խաչեալ Քրիտոսի մօր, գիտցէք քաղել չարչարանքի փրկարար իմաստը։Եւ դուք սիրեցեալ նորապսակեալներ հայցեցէք Տիրամօր Մայրական պաշտպանութիւնը որպէսզի ձեր ընտանիքներուն մէջ իշխէ ՜՜ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի՝՝ մթնոլորտը։




Քահանայապետական Անուանումներ

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գերապայծառ Ժանուշ Պոլոնէքը անուանած է որպէս Մակեդոնիոյ Հանրապետութեան առաքելական նուիրակ։

Նաեւ՝ անուանած է որպէս Սուրբերու Դատի Ժողովի նոր անդամներ՝ Կարտինալ Վէլազիօ Տէ Բաօլիս եւ Կարտինալ Գիւրթ Գոխը ինչպէս նաեւ գերապայծառներ Զիկմունդ Զիմովսքի, Ամպրոճօ Սբրէաֆիքօ եւ Սանդոս Ապրիլ Ի գասդէլլօ-ն։

Ու ապա որպէս հաւատոյ ժողովի խորհրդատու՝ Նորին Սրբութիւնը անուանած է գերապայծառ Ժոզէֆ Ակոսդին Տի Նոյան։









All the contents on this site are copyrighted ©.