2011-05-04 12:32:00

30 Տարուայ Բարեկամութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Եւ Յովաննէս Պօղոս Բի Միջեւ։


1970 էն սկսեալ բարեկամական կապ հաստատուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի եւ Յովաննէս Պօղոս Բ.ի միջեւ։
Երկու այրեր՝ մին լեհ եւ իմաստասէր, իսկ միւսը՝ գերմանացի եւ աստուածաբան, իրար զիրար լաւ կը ճանչնային եւ կը գնահատէին։ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի տարիներէն իսկ՝ հաստատուած են Վոյթիուայի եւ Ռացինկերի միջեւ սերտ կապերը։ Ռացինկեր եղաւ հաւատարիմ բարեկամը Վոյթիուային, եւ այս վերջինը իր բոլոր վստահութիւնը դրած էր Ռացինկերի վրայ , այսպէս յայտարարած է Նավառօ Վալս` բանբերը Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին։
''Քրիստոսի սէրը եղաւ տիրող ոյժը Յովհաննէս Պօղոս Բին'' ըսաւ Կարտինալ Ռացինկեր 8 ապրիլ 2005ին Քարոլ Վոյթիուայի յուղարկաւորութեան պատարագին ընթացքին։ Նոյնպէս ան յայտնեց թէ ''իր սիրտը տրտմութեամբ լեցուեցաւ ինչպէս նաեւ ուրախ յոյսով ու խոր երախտագիտութեամբ''։
Իսկ անկէ 15 օր ետք, Պենետիկտոս ԺԶ. իր գահակալութեան պատարագին, հաստատեց թէ՝ կը զգայ զօրեղ ձեռքը Յովհաննէս Պօղոս Բին, որ իրեն կ'ըսէ ''մի վախնար''։
Իմ քահանայապետութեանս տարիներուն, միշտ զգացած եմ անոր ներկայութիւնը եւ ան ինծի կ'օգնէ մնալու Տիրոջ մօտ եւ վստահ եմ որ միշտ կ'աղօթէ ինծի համար, ըսած էր Պենետիկտոս ԺԶ.։
Լեհական Հեռուստատեսիլին հետ ունեցած ելոյթով, Պենետիկտոս ԺԶ յայտնած է թէ՝ մեծ համակրանք ունեցած էր կարտինալ Վոյթիուայի հանդէպ եւ ՜՜երախտապարտ եմ, ըսած է ան, որ իր բարեկամութիւնը շահած եմ առանց արժանիքի՝՝։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ուրախութիւն յայտնած է Վոյթիուայի երանելի հռչակումի լուրին ընթացքին, որովհետեւ Աստուծոյ ժողովուրդը որպէս երանելի պիտի մեծարէ այս մեծ Պապը ու Քրիստոսի վկան։
Իր ողջութեան ընթացքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. մեծ գնահատումով միշտ խօսած է կարտինալ Ռացինկերի մասին։ Ամէն ուրբաթ օրերը իրարու հետ կը տեսնուէին ու սերտօրէն կ'ուսումնասիրէին վաւերաթուղթերը։ Կարտինալ Ռացինկեր յաճախ սեղանի հիւրը եղած է Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին, որուն ընթացքին անոնք կը բանակցէին աստուածաբանական հարցերու մասին։
2001ին՝ Ժոզէֆ Ռացինկերի քահանայութեան 50ամեակին առթիւ, Յովհաննէս Պօղոս Բ իր ջերմ երախտագիտութիւնը եւ գնահատանքը յայտնած էր, Պավարիայի կարտինալին՝ իր տարած հսկայական աշխատանքին համար, ամենայն խոնարհութեամբ ու անձնուրացութեամբ։ Սրբազան հայրը զայն որակած էր որպէս ''ճշմարտութեան գործակից''։








All the contents on this site are copyrighted ©.