2011-05-03 13:46:51

Ֆրանսայի Նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Կ՛ընդունի Հայ Համայնքի Պատուիրակութիւնը։


Վաղը չորեքշաբթի, 4 մայիսին Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի քննարկէ եւ քուէարկութեան պիտի դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութեան դէմ օրէնքի պահանջը, որ 12 հոկտեմբեր 2006-ին Ազգային Ժողովին կողմէ վաւերացուած էր:

«Հակառակ թրքական պետական բացայայտ ճնշումներուն, հայ համայնքը միացեալ աշխուժ ճիգերով կը շարունակէ պայքարիլ այս օրէնքի ձեռքբերման համար, նախ եւ առաջ յանուն մարդկային արդարութեան ու մարդկութեան արժանապատուութեան», կ՛ըսէ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան` յայտնելով, որ բոլոր հոսանքներու պատկանող ծերակուտականներու թէ գործադիր իշխանութեան բանալի նախարարներու կամ ղեկավարներու մօտ կը տարուի աշխատանք` «այն հիմնական տարբերութեամբ, որ հայ համայնքի զաւակները իրենց աշխատանքները կը տանին նախ եւ առաջ իբրեւ ֆրանսացի լիիրաւ քաղաքացիներ, եւ իբրեւ այդպիսին իրենց քաղաքացիի իրաւունքը կը պահանջեն իրենց ներկայացուցիչներէն, մինչդեռ թրքական պետական միջամտութիւնը անընդունելի է ու կը նկատուի օտար պետութեան մը կողմէ այլ ինքնիշխան պետութեան մը ներքին գործերու միջամտութիւն»:
Հայ համայնքի յարաբերութիւնները շաբաթավերջին հասան մինչեւ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի, որ Էլիզէի մէջ աւելի քան մէկուկէս ժամուան հանդիպում ունեցաւ համայնքի պատուիրակութեան հետ ( ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ եւ ՍԷ. ՍԷ. Ա. ԷՖ.ի համանախագահ
Մուրատ Փափազեան, ՍԷ. ՍԷ. Ա. ԷՖ.ի համանախագահ Արա Թորանեան, Շարլ Ազնաւուրի ներկայացուցիչ Լեւոն Սայեան)` ներկայութեամբ Փաթրիք Տեւեճեանի եւ Ժան Սարքոզիի:

ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը խոստացաւ չարգելակել այս օրէնքի որդեգրումը եւ չկաշկանդել իր համակիր ծերակուտականները, ընդհակառակն` ան յստակ դարձուց անգամ մը եւս, թէ ինք կը մերժէ ցեղապաշտութիւնը` ընդգծելով, որ «ժխտողականութիւնը համազօր է ցեղապաշտութեան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.