2011-05-03 13:52:54

Փաքիստանի Քրիստոնեաները Իրենց Մտավախութիւնը Յայտնած Են Ի Լուր Պին Լատէնի Սպաննութեան։


Փաքիստանի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը կրնայ թիրախ դառնալ մոլեռանդ փաքիստանցիներու ցասումին՝ յետ Օզամա Պեն Լատտէնի սպաննութեան ամերկացիներու ձեռքով։ Եթէ ուրախութիւնը մեծ էր արեւմտեան երկիրներու մէջ, Փաքիստանը կը վախնայ թալեպաններու հակազդեցութենէն եւ որուն առաջին զոհերը կրնան ըլլալ Փքաիստանի քրիստոնեաները։ Ասիական կաթողիկէ մամլոյ գործակալութեան համաձայն, Փաքիստանի քրիստոնեաները կրնան զոհ դառնալ Պեն Լատենի համակիրներու վրէժխնդրութեան։ Լահոր թեմի վաստակաւոր առաջնորդ` գերապայծառ Սալտանայի գնահատումով՝ 11 սեպտեմբերէն ի վեր Փաքիստանի քրիստոնեաներու կացութիւնը վատթարացաւ եւ անոնք մշտատեւ թիրախ են արիւնալի յարձակումներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.