2011-05-03 13:51:55

Վատիկանի Ռատիոկայանի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբաթական խմբագրականը կը նուիրէ ՅՊԲ սրբազան քահանայապետի երանացման արարողութեան ու անոր յաջորդին Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետին։
Շաբաթական խմբագրականի վերնագիրն է` ՅՊԲ Պենետիկտոս ԺԶ.ի աչքերով։
Պենետիկտոս ԺԶ արդի ժամանակաշրջանի առաջին քահանայապետն է որ իր նախորդը երանելի կը յայտարարէ։ Արդարեւ ան 20 տարուայ ընթացքին եղած է նաեւ ՅՊԲ.ի ամենէն մօտիկ գործակիցներէն մին։
Այլազան ձայներու ընդմէջէն որ այս օրերուն կը լսուին ՅՊԲ.ի մասին, հարկ է լսել նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ .ի ձայնը, յիշելով ՝ ՅՊԲ.ի մահէն մի քանի ամիս ետք Լեհական Հեռուստատեսիլին տուած իր գեղեցիկ հարցազրոյցը։
ՅՊԲ նոր զգայնութիւն մը ներմուծեց հաւատքի տարողութեան անհրաժեշտութեան մարդու կեանքէն ներս, կ՛ըսէր Պենետիկտոս ԺԶ։ Համայն մարդկութիւնը ըմբռնեց - զանազանութիւններու հանդերձ - թէ Հռոմի եպիսկոպոսը Քրիստոնէութեան բանբերը, նոյնիսկ այլ կրօններու համար հադիսացած էր մարդկութեան բարձր արժէքներու բանբերը։
Ան գիտցաւ խրախուսել երիտասարդները հետեւելու Քրիստոսին։ Եւ այս մէկը կը պարտինք ՅՊԲ.ի խարիզմին։ Միայն ինք կարող էր երիտասարդութիւնը մղել պաշպանելու զԱստուած եւ Քրիստոսի սէրը։ Ի վերջոյ ան Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի մարդն էր, օգնեց մեզ ըլլալու եկեղեցին այսօր եւ ապագային։
Աստուած, Յիսուս Քրիստոս, Քրիստոնեաներու միութիւն, կրօններու միջեւ երկխօսութիւն անհատի եւ համայն մարդկութեան բարիքի համար։ Ասոնք եղան Պենետիկտոս ԺԶ.ի առաջնահերթ նիւթերը, իր քահանայապետութեան առաջին օրէն սկսեալ։ Իր նախորդին ձգած ժառանգութիւնն է։ Ոչ միայն որպէս ազդու թելադրանք, այլ որպէս ուժեղ հոգեւոր ներշնչում քաղուած անոր կեանքի վկայութենէն եւ անոր ողջ ներկայութենէն Աստուծոյ ժողովուրդի հոգեւոր ճանապարհորդութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.