2011-05-03 13:53:28

Ս. Աթոռը Եւ Ադըրբէջանը Դաշնագիր Մը Ստորագրած Են։


29 ապրիլին, Պագուի մէջ համաձայնագիր մը ստորագրուած է Ս. Աթոռի եւ Ադըրբէջանի միջեւ։ Ութը յօդուածով դաշնագիր մը որ կը սահմանէ կապերը պետութեան եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ։ Համաձայնագիրը ստորագրած են մշակոյթի կոմիտէի նախագահը՝ Հիտայաթ Օրուժով եւ առաքեալական դեսպանը գերապայծառ Գլաուտիօ Կուճերոթթի։ Համաձայնագիրը կ'երաշխաւորէ քրիստոնեաներուն, հրապարակաւ ապրիլ իրենց հաւատքը այդ երկրին մէջ որուն բնակչութեան 90 տոկոսը մահմետական է։








All the contents on this site are copyrighted ©.