2011-05-03 13:53:37

Ռումբերը Չեն Լուծեր Խնդիրները, Յայտարարած Է Թրիպոլիի Առաքեալական Տեղապահը` Գերապայծառ Մարթինելլի։


Լիպիայի մօտ Առաքելական տեղապահը, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտարարեց որ ՜՜Ռումբերը Չեն Լուծեր Խնդիրները՝՝ մատնանշելով որ Քատաֆիի երեք թոռնիկները զոհ գացին Ատլանտեան ուխտի ռմբակոծումին։ Առաքելական դեսպանը ընգծեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կրկին ու կրկին անգամներ խնդրեց կլոր սեղանի շուրջ նստիլ լուծելու զինեալ ընդհարումը։ Յայտնենք թէ գերապայծառ Մարթինելլի, ընդհարումի առաջին օրէն իսկ, բողոքած է զինուորական լուծումին դէմ եւ հարց տուած է թէ ի՞նչպէս վերջ պիտի ունենայ այս զինեալ ընդհարումը, որ լիպիացիներուն կը յիշեցնէ իրենց տխուր անցեալը։ Դարձեալ կը կրկնեմ, ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը, պէտք է անմիջապէս լռեցնել զէնքերը ու կլոր սեղանի շուրջ նստիլ խաղաղ միջոցներով լուծելու լիպիական հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.