Հալէպի Առաքելական Տեղապահը Իր Մտավախութիւնը Կը Յայտնէ Երկրին Անկայունութեան Ի Տես։
Պէտք Չէ Վտանգել Սուրիացի Երկու Միլիոն Քրիստոնեաներու Կեանքը։ Սուրիոյ նախագահը՝
Պաշար ալ Ասատ ստանձնեց պարտականութիւնը, սրբագրելու անցեալի սխալները, սակայն զայն
իրագործելու համար կարիքը ունի ժամանակի, այսպէս յայտարարած է Հալէպի առաքելական տեղապահը
գերապայծառ Նածարօ, ընդգծելով թէ ներկայ խռովութիւնները կարող են անկայունութեան մատնել
երկրիրը, որ մինչեւ օրս որպէս օրինակ նկատուած է միջհամայնքային համակեցութեան։ Սուրիական
վարչաձեւը դատելու համար, հարկաւոր է նկատի առնել ցայժմ կատարուած տնտեսական նուաճումները,
որ աւելի քան դրական են։ Հալէպի մարզին մէջ, նշանակալից ոչ մէկ ցոյց տեղի ունեցած է եւ
ոչ ալ վրդովումներ։ Ճամբան կը նշմարենք որ բազմաթիւ նոր ինքնաշարժներ կը շրջին, ապացոյց՝
թէ Սուրիան Միջին Արեւելքի այն երկիրներէն մէկն է, ուր լաւագոյնս կ'ապրուի, հաստատած
է գերապայծառ Նածարօ։