2011-05-03 13:51:58

Եւրոպացի պաշտօնակատար Սթեֆան ֆիւլէ մտահոգ ՝Ատրպէյճանցիներու կողմէ
Հայ զինուորի սպանութեան հարցով ։


« Պէտք է բացառապէս հասկնալի դարձնել կողմերուն, որ զինուած ուղին տարբերակ չէ: Կողմերուն համար կարեւոր է նաեւ ճշգրտել հռետորաբանութիւնը», Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեանի հետ հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այսպէս յայտարարեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Սթեֆան Ֆիւլէ՝ անդրադառնալով Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման:

«Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ սատարել ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի աշխատանքներուն՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, իբրեւ հիմք տեսնելով ուժի չգործադըրման սկզբունքը, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները»,- յայտարարեց Ֆիւլէ:

Եւրոպացի պաշտօնակատարը նշեց, որ կողմերուն միջեւ տեղի ունեցող հանդիպումները իրենք կը գնահատեն առաջընթաց եւ կը կարծեն, որ կարեւոր է «այդ հանդիպումները արտացոլել հռետորաբանութեան մէջ»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան իր կարգին, ցաւակցութիւն յայտնեց ահմանին վրայ զոհուած հայ զինուորի հարազատներուն՝ նշելով, որ սահմանի վրայ այդ կարգի սադրանքներն ու սպաննութիւնները որեւէ ձեւով չեն նպաստեր բանակցային գործընթացին:







All the contents on this site are copyrighted ©.