2011-05-02 13:30:19

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Կարտինալ Ակոսդինօ Կարսիա Կասգօ Վիչենթէն ոչ եւս է։
Սպանիոյ Վալենսայի երբեմնի արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Ակոսդինօ Կարսիա Կասգօ Վիչենթէն, կիրակի մայիս մէկին իր մահկանացուն կնքեց ճիշտ՝ ՅՊԲ.ի երանացման օրը։ Անոր մահով Կարտինալական դասի թիւը կ՛իջնէ 198-ի, որոնցմէ 115-ը ընտրող կարտինալ են։ Սպանացի կարտինալներու թիւն է 9 կարտինալ որոնցմէ 4 ընտրող։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ի լուր Կարտինալի մահուան ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Վալենցիայի արքեպիսկոպոսին։


2 - 6 Մայիս Քահանայապետական Աստուածաշունչի յանձնախումբը Վատիկանի մէջ կը գումարէ իր տարեկան նիստը Կարտինալ Ուիլլիամ Ժոզէֆ Լեվատայի նախագահութեամբ։ Ժողովի գործընթացքը կը գլխաւորէ հայր Գլեմէնս Սդոքը <<Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը եւ ներշնչումը>> նիւթը խորացնելով։

Երկուշաբթի 2 մայիսի երեկոյեան՝ ( ժամը 7ին) Հռոմի կեդրոնական Քաղաքապետարանի՝ ՜՜ Գամբիտոլիօ՝՝ հրապարակի վրայ, տեղի կ՛ունենայ նուագահանդէս մը <<ՅՊԲ եւ Հռոմը. Յիշատաակ եւ Գոհաբանութիւն>> վերտառութեամբ։ Նուագահանդէսի ընթացքին տեղի կ՛ունեան երանելի ՅՊԲ.ի մասին զանազան վկայութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.