Ընկերային գիտութեանց քահանայապետական կաճառը իր 17-րդ լիանիստ ժողովը կը գումարէ ապրիլ
29էն մինչեւ 3 մայիս, հետեւեալ բնանիւթով ''սեփական իրաւունքը բազմազանուած աշխարհի
մը մէջ'' - կրօնական ազատութեան հարցը։ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը՝ կարտինալ Պերթոնէ,
իր զեկոյցին մէջ պիտի խօսի Եկեղեցւոյ դիւանագիտութեան ու կրօնական ազատութեան մասին։