2011-05-02 13:23:06

Գոհաբանութեան Սուրբ պատարագ, Նուիրուած Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին։


Երկուշաբթի 2 մայիս 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը տեղի ունեցաւ գոհաբանական Սուրբ պատարագ, զոր մատոյց Վատիկանի Պետական քարտուղարը՝ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն։ Երանելի Գարոլ Վոյթիուայի նուիրուած պաշտօնական անդրանիկ պատարագն է այս, որուն ընթացքին եկեղեցին կը հայցէ նոր երանելիին բարեխօսութիւնը։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Հռոմի Թեմական երգչախումբը մասնակցութեամբ Լեհական Միացեալ երգչախումբին եւ ընկերակցութեամբը՝ Գաթովիչէի Լեհական Ռատիոյի դասական նուագախումբին ։
Պատարագին սկիզբը, երկու դերասաններ արտասանեցին ՅՊԲ յօրինած բանաստեղցութիւններէն մի քանին, նուագներու ու երգեցողութեան ընդմիջումներով ։
Սուրբ Պատարագը սկիզբ առաւ ժամը 10.30-ին՝ հանդիսաւոր թափօրով մը նոր երանելիին մասունքը, ձիթենիի ձեւով սրուակի մը մէջ դրուած՝ տարուեցաւ ու զետեղուեցաւ խորանին վրայ։
Արարողութեան ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ մանաւանդ լեհեր։ Կարտինալ Սդանիզլավ Տժիվիչ՝ Գրագովիայի Արքեպիսկոպոսը եւ Երանելի Քահանայապետին երբեմնի քրտուղարը, խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին, ՅՊԲ.ը Երանելի հռչակելուն համար։ Ան ըսաւ. ՝՝որպէս ՅՊԲ.ի առօրեայ կեանքի վկայ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Իտալիոյ ու անոր ժողովուրդի անկեղծութեան ու մօտիկութեան համար զոր ցուցաբերեցին <<հեռու երկրէ մը եկող>> քահանայապետին նկատմամբ ու ընկերակցեցան անոր, իր քահանայապետութեան երկար տարիներու ընթացքին։
Ձեր գեղեցիկ երկիրը եղաւ իրեն համար երկրոդ հայրենիք։
Ապա Կարտինալ Տժիվիչ եզրափակեց <<Սրտանց շնորհակալ եմ յանուն Երանելի ՅՊԲ.ի>>։

Իսկ Կարտինալ Պերթոնէն իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ նոր երանելիին յիշելով անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը եւ արարողութեան ընթացքին դագաղին վրայ զետեղուած աւետարանը << Աւետարանի լոյսով է - ըսաւ ան - որ ՅՊԲ կը կարդար մարդկութեան պատմութիւնը, եւ իր հաւատքը կը բխէր Քրիտոսի հետ իր հանդիպումէն աւետարանի միջոցաւ >>։ Կարտինալ Պերթոնէն ապա հաստատեց թէ ան՝ ՅՊԲ. եղաւ հաւատքի մարդ, արդ՝ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ որ մեզի պարգեւեց իրեն նման Հովիւ մը՝ որ գիտցաւ Աստուծոյ ներկայութիւնը տեսնել մարդկութեան պատմութեան մէջ։ Մեզի տուաւ ՅՊԲ.ի պէս վկայ մը, որ մեզի սորվեցուց ինչպէս ապրիլ հաւատքը եւ պաշտպանել քրիստոնէական արժէքները, սկսելով կեանքի պաշտպանութենէն առանց բարդոյթի եւ առանց վախի։
Շնոհակալ ենք Տիրոջ որ մեզի պարգեւեց Նոր Երանելիին՝ ՅՊԲ.ի նման քահանայապետ մը, որ գիտցաւ առաջնորդել եկեղեցին նոր հոգեւոր շունչ մը տալով։
Շնոհակալ ենք Տիրոջ որ մեզի պարգեւեց իրեն նման սուրբ մը. ան իսկական մարդ մըն էր որ կապուած էր Անոր որ է ճշմարտութիւնը՝ այսինքն մեր Տէրը, հետեւելով Անոր ուղիին, Ան ողջ մարդ մըն էր, լի Քրիստոսի կեանքով, միշտ պատրաստ՝ ընդունելու Սուրբ Հոգիի պարգեւները։ Երգենք Տիրոջ փառքի երգ մը որ մեզի պարգեւեց այս մեծ քահանայապետը հաւատքի աղօթքի մարդ մը՝ Հովիւ եւ Վկայ։ Ապա կարտինալը եզրափակելով իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին, ու ապա խնդրեց Սուրբ կոյս Մարիամի` Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութիւնը, պարգեւելու շնորհքը ըլլալու երանելիի նման Քրիստոսի վեհանձն առաքեալներ եւ անոր գթութեան սիրոյ մարգարէներ ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.