2011-05-01 12:55:39

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան Աղօթքին Արտասանած Խօսքը։


Երանացման արարողութեան աւարտին նորին սրբութիւնը ինչպէս ամէն կիրակի արտասեց ողջ լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը, զանազան լեզուներով ողջունեց հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, ներկայ՝ պատուիրակութիւնները եւ հոգեւորական դասը։
Սիրեցեալ Եղբայրներ ու քոյրեր ,ըսաւ Սրբազան Հայրը, Երանելի ՅՊԲ.ի գործունէութիւնը թող ըլլայ աղբիւր՝ նոր յանձնառումի մարդուն ու մարդոց ծառայութեան։ Իրմէ կը խնդրեմ որ օրհնէ ամէն մէկուն ջանքը, կերտելու՝ սիրոյ նոր քաղաքակրթութիւն մը յարգող արժանապատուութիւնը մարդու որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Անոր հետ քալեցէք ձեր երկրի սուրբերու եւ երանելիներու ուղիով եւ Սուրբ Կոյս մարիամը թող ձեզի առաջնորդ ըլլայ ։

Ապա նորին սրբութիւնը յատուկէն խօսք ուղղեց Իտալիոյ Նախագահ Ճորճիօ Նաբոլէթանոյի ու Իտալիոյ կառավարութեան, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց համագործակցութեան՝ այս պատմական ու տօնական օրուան կազմակերպութեան համար։ Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոմ Թեմի ու Թեմի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ակոստինօ Վալլինիին` Հռոմ քաղաքի ու քաղաքապետարանի զինուորական ուժերուն եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն։ Ապա սիրալիր ողջոյն մը ուղղեց բոլոր ուխտաւորներուն, լրագրողական գործիչներուն եւ յատուկէն հիւանդներուն եւ տարեցներուն որոնց հանդէպ - ըսաւ ան - ՅՊԲ նոր Երանելին ունէր մեծ սէր։
՜՜Սուրբ Կոյս Մարիամին կը յանձնեմ Աստուծոյ Ժողովուրդի ճանապարհորդութիւնը՝՝ եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.