2011-05-01 12:55:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քարոզը Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին Երանացման Պատարագի Առթիւ։


. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը արտասանեց հետեւեալ քարոզը.......
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքի սկիզբը)։

Վեց տարի առաջ կը գտնուէինք այս նոյն հրապարակին վրայ թաղման կարգը կատարելու Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին։ Մեծ էր մեր ցաւը անոր կորուստին համար, սակայն միաժամանակ մեծ էր մեր մխիթարութիւնը անթիւ անհամար հաւատացեալներու ամբոխի ներկայութեան համար ։ Արդէն այդ օրը իսկ անոր սրբութիւնը կը զգայինք, արգասիքը անոր հերոսական կեանքին, եւ Աստուծոյ ժողովուրդը տարբեր կերպերով իր յարգանքն ու բարեպաշտութիւնը յայտնեցու արտայայտեց անոր նկատմամբ։ Այդ պատճառաւ ուզեցի անմիջապթս սկիզբ տալ Երանացման Դատին եւ ահա այդ օրհնեալ օրը այժմ հասաւ, շուտ հասաւ, որովհետեւ այսպէս հաճելի եղաւ Տիրոջ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ ,այժմ Երանելիներու կարգին մէջ դասուեցաւ ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Հոս կ'ուզեմ իմ սիրալիր ողջոյնս ուղղել, ձեզի ամէնուդ, այս ուրախ դէպքի առթիւ, մեծ թիւով եկաք Հռոմ, աշխարհի չորս ծագերէն. կարտինալներ, Արեւելքէն պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններ, դեսպաններ եւ իշխանութիւններ, նուիրեալ անձինք եւ աշխարհականներ եւ բոլոր անոնք որ մեզի կը հետեւին ռատիոյի ու հեռուստատեսիլի միջոցաւ։
Այս կիրակին Յիսուսի Յարութեան Բ կիրակին է, որ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը նուիրեց Աստուածային Գթութեան։ Այդ պատճառաւ այս թուականը որոշուեցաւ այս մեծ արարողութեան։ Արդարեւ ան վախճանեցաւ այս մեծ տօնին նախօրեակին։ Այսօր նաեւ մայիս ամսուան առաջին օրն է, Մայիս ամիսը նուիրուած է Մարիամին եւ յիշատակն է Ս. Յովսէփ աշխատաւորին։
Այսօրուան Աւետարանին մէջ Յիսուս կ'ըսէ ՝՝երանի անոնց որոնք չտեսան եւ հաւատացին՝՝։ Մենք համախմբուած ենք տօնախմբելու երանացում մը , որուն ընթացքին երանելի հռչակուեցաւ Քահանայապետ մը` Ս. Պետրոսի յաջորդը, կանչուած եղբայրները հաւատքի մէջ հաստատելու ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ իր հաւատքին համար երանելի է։ Անոր երանացումը կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ շինութեան ու պայծառութեան համար։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը յարեց՝՝սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր մեր աչքին կը ցոլայ յարուցեալ Քրիստոսի լոյսին հետ միասին սիրեցեալ ու պատուական դէմքը երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի։ Այսօր անոր անունը կ'արձանագրուի այն բազմաթիւ սուրբերու ու երանելիներուն մատեանին մէջ, որ ան անձամբ արձանագրած էր իր քահանայապետութեան 27 տարիներուն ընթացքին, յիշելով քրիստոնեաներու կոչումը սրբութեան։ Աստուծոյ ժողովուրդին բոլոր անդամները` կղերն ու աշխարհականները կը քալենք դէպի երկնային հայրենիքը, ուր մեզ կանխեցին Անենասուրբ Կոյս Մարիամը ու երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը։

Անոր քահանայապետութեան զինանշանը եղաւ “Totus tuus”՝՝ ( ամէն ինչս քեզի է եւ ինչ որ իմս է քեզի է) ։ Իր կտակին մէջ, երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ- գրեց. Երբ 16 հոկտեմբեր 1978ին կարտինալական դասը ընտրեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը Լեհաստանի գահերէց կարտինալը Ստեփան Վիշինսքին ըսաւ ինծի. ''նոր քահանայապետին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ առաջնորդել Եկեղեցին դէպի երրորդ հազարամեակը'' եւ աւելցուց. անգամ մը եւս կ'ուզեմ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել Սուրբ Հոգւոյ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին համար, որուն պարտական եմ։ Վստահ եմ որ Տիեզերական Ժողովը պիտի շարունակէ իր շնորհքները բաշխել ապագայ սերունդներուն։ Որպէս եպիսկոպոս` տիեզերական ժողովին բոլոր նիստերուն մասնակցեցայ, կը փափաքիմ յանձնել այս մեծ ժառանգութիւնը բոլոր անոնց որոնք ապագային պիտի կանչուին զայն իրականացնելու։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. ՝՝կ'ուզեմ գոհութիւն մատուցանել Աստուծոյ ինծի շնորհած այն մեծ պարգեւին համար որ կարելութիւն ընծայեց ՅՊԲ.ի հետ երկար տարիներ գործակցելու ։
Ան կարողացաւ արտակարգօրէն ապրիլ իր քահանայական ու եպիսկոպոսական կոչումը դառնալով այլ ոմն Քրիստոս, որ ամէն օր կ'ընդունէր ու կ'ընծայէր Ս. Զոհին ընթացքին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր քարոզը փակեց բացագանչելով. ՝՝Երանի քեզի, սիրեցեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ, որովհետեւ հաւատացիր։ Շարունակէ մեզի օգնութեան հասնիլ երկինքէն եւ ամրապնդել Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքը։ Ամէն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.